«Կամաւորական Շարժում» ՀԿ-ն Մայիս 20-ին Երթ եւ Հանրահաւաք Պիտի Իրականացնէ Կոռնիձորի Մէջ (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

«Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը Մայիս 20-ին երթ եւ հանրահաւաք պիտի իրականացնէ Կոռնիձորի մէջ

Արցախը մերն է։
Արցախը Հայաստան է, Հայաստանը՝ Արցախ։
Բոլոր հայերը արցախցի են։
Ոտքի՛, տէր կանգնինք մեր Արցախին։
Ոտքի՛, տէր կանգնենք մեր իրաւունքներուն։
Ոտքի՛, մեր մէջքը ուղղենք։
Ոտքի՛, քանի դեռ չենք կորսնցուցած մեր արժանապատուութիւնը։ Որպէսզի ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայ ժողովուրդը համաձայն չէ այն ամէնի հետ, ինչ կը փորձեն պարտադրել իրեն։

Բոլորս, մէկ 6մարդու նման, Մայիս 20-ին, ճիշդ ժամը 12։00-ին ըլլանք Կոռնիձորի մէջ, բոլորս, մէկ մարդու նման յարգենք մեր ազատամարտիկներու՝ աւելի քան 10,000 զոհերու յիշատակը եւ անոնց փոխարէն ըլլանք Կոռնիձորի մէջ։

Ըլլանք Կոռնիձորի մէջ յանուն Արցախի, ընդդէմ ազրպէյճանի։

Մենք ենք մեր երկրի տէրը, տիրութիւն ընենք մեր երկրին, մեր Արցախին։

Բոլորս դէպի Կոռնիձոր, դէպի Կոռնիձոր՝ ի ցոյց դնելու մեր համախմբումն ու ընդվզումը, դէպի Կոռնիձոր ըսելու համար, որ մենք ենք Արցախի տէրը, ժողովուրդն է Արցախի տէրը եւ ոչ ոք կրնայ զիջիլ զայն, առեւտուրի նիւթ դարձնել, վաճառել կամ ուժով տիրանալ։

Կամաւորութեան սկզբունքով բոլորս դէպի Կոռնիձոր։

Կը հաւաքուինք Մայիս 20-ին, ճիշդ ժամը 12։00-ին Կոռնիձորի մէջ, մեր փոխադրամիջոցներով, մեր օրուան սնունդով։

«Կամաւորական շարժում» Հասարակական Կազմակերպութիւն

տեսանիւթը՝ այստեղ