Շուշիի Ազատագրութեան 31-Ամեակ. Շուշին Վերստին Ազատագրուած Տեսնելու Տեսլականով․ Ասպետ Մանճիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախեան ազատամարտի տարեգրութեան մէջ ամէնէն փայլուն եւ ամենամեծ նուաճումը Շուշիի ազատագրումն էր:

Ազատագրական պայքար մղող Արցախ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ ցամաքային եւ օդային շրջափակման մէջ առնուած էր: Ստեփանակերտ եւ շրջակայ բնակավայրեր Շուշիէն անընդհատ եւ անխնայ հրթիռակոծման կ՛ենթարկուէին. զոհեր ու վիրաւորներ կ՛արձանագրուէին եւ բնակարաններ կը քանդուէին. չկար ելեկտրականութիւն, կազ եւ ըմպելի ջուր:

Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն համար Շուշիի ազատագրումը դարձած էր պատմական, ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական անհրաժեշտութիւն:

Ազրպէյճանական ուժերը 27 ապրիլ 1992¬ին Շուշիէն հեռացուցին քաղաքային բնակչութիւնը եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք սկսան կեդրոնացնել քաղաքին մէջ:

Շուշիի ազատագրութեան ռազմական գործողութեան ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան: Ապրիլ 28¬ին որոշուեցան եւ ճշդուեցան յարձակման գլխաւոր ուղղութիւնները, հրամանատարները եւ զէնքի ու զինամթերքի հետ կապուած հարցեր:

Շուշիի ազատագրութեան մարտական հրամանը ստորագրուեցաւ 4 մայիսին:

Ռազմական գործողութիւնները պիտի սկսէին մայիս 5¬ին, բայց այդ օր տեղացած առատ ձիւնին պատճառով հայկական ուժերու հրամանատարութիւնը յետաձգեց յարձակումը:

Ռազմաճակատի ընդհանուր գիծը մօտաւորապէս 40 քիլոմեթր էր եւ կ՛ընդգրկէր հարուածային չորս ուղղութիւն:

Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու հայկական ստորաբաժանումները մայիս 7¬էն 8 լուսցող գիշերուան ընթացքին նպաստաւոր բնագիծեր գրաւեցին Շուշիի մատոյցներուն մէջ: Ազրպէյճանական յենակէտերը ոչնչացուեցան մէկը միւսին ետեւէն: Հայկական ուժերը շրջափակեցին քաղաքը:

Երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ եւ ազրպէյճանական ուժերը հեռացան քաղաքէն:

9 մայիս 1992-ի առաւօտուն Շուշիի մէջ ազրպէյճանցի գրեթէ չէր մնացած: Հայկական ուժերը առանց դիմադրութեան հանդիպելու քաղաքը իրենց հակակշիռին տակ առին:

Կէսօրուան մօտ ազրպէյճանական ուղղաթիռներ սկսան ռմբակոծել հայկական դիրքերը, յոյս ունենալով կործանել ամբողջ քաղաքը, բայց չյաջողեցան:

Երեկոյեան հայկական ուժերը աւարտին հասցուցին Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը:

***

Արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմին, 2020-ին, Շուշի վերստին գրաւուեցաւ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ:

Շուշիի գրաւման համար ռազմական գործողութիւններն սկսան հոկտեմբեր 29-ին: Ազրպէյճանական ուժեր հրետանային հարուածի տակ առին քաղաքը, եւ նոյն ժամանակ նախայարձակ ուժեր ներթափանցեցին հայկական բնագիծերէն ներս եւ հասան Աւետարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր:

Հոկտեմբեր 29-էն 30 լուսցող գիշերը ազրպէյճանական ուժերը գրոհի անցան Քարին տակի ուղղութեամբ: Շուշիի մատոյցներուն բուռն կռիւներ մղուեցան:

Նոյեմբեր 4-ի լուսաբացին ազրպէյճանական ուժեր հասան Շուշիի մատոյցները: Քաղաքի մուտքին մարտեր ծաւալեցան: Քանի մը ժամ ետք ազրպէյճանցիք թիկունքէն մտան եւ հրետանային կրակի տակ առին քաղաքը:

Նոյեմբեր 5-էն 6 լուսցող գիշերուան ընթացքին վերջին դիրքերուն վրայ դիմադրութենէ ետք, առաւօտուն հայկական ուժերը սկսան դուրս գալ դիրքերէն:

Նոյեմբեր 6-ի առաւօտեան նշանակուած հայկական ուժերու հակայարձակումը դեռ չսկսած տապալեցաւ: Հայկական կարգ մը ստորաբաժանումներ չներկայացան ելման դիրքեր:

9 նոյեմբեր 2020-ին, ռազմական գործողութիւններու աւարտէն քանի մը ժամ առաջ հանրութեան յստակ դարձաւ որ Շուշի դուրս եկած է հայկական ուժերու վերահսկողութենէն: