Հովուապետական Այց Դէպի Մալաթիա եւ Էլազըղ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

«ԱԿՕՍ»

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը 2 Մա­յիս 2023, Երեք­շաբթի առա­ւօտ, օդա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցաւ Մա­լաթիա։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան կ’ըն­կե­րանար Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան։

Մա­լաթիոյ օդա­կայա­նի պա­տուոյ սրա­հին մէջ մեր Հո­գեւոր Պե­տը դի­մաւո­րուե­ցին գա­ւառի մեր հա­մայնքնե­րու տե­սուչ Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեան, Իս­կենտէ­րու­նի Ս. Քա­ռասուն Ման­կունք Եկե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան Խոր­հուրդի Ատե­նապետ Եու­սուֆ Թա­պաշեան, Մա­լաթիոյ մեր հա­մայնքէն Սէր­տար Պո­յաճը եւ Արէտ Պո­յաճը։

Շքա­խումբին միացան նաեւ Խոս­րով Քէօլէ­դաւի­թօղ­լու եւ Գէորգ Էօզ­գա­րակէօզ, որոնք նա­խաճա­շի սե­ղանով հիւ­րա­սիրե­ցին մեր Հո­գեւոր Պե­տը։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնն ու ըն­կե­րակից­նե­րը, ժա­մը 10.00-ին իր պաշ­տօ­նարա­նին մէջ այ­ցե­լեցին Մա­լաթիոյ Կու­սա­կալ Հու­լուսի Շա­հինը։

Քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցի ըն­թացքին մեր Հո­գեւոր Պե­տը ան­գամ մը եւս իր ցա­ւակ­ցութիւննե­րը յայտնեց երկրա­շար­ժի պատ­ճա­ռած մարդկա­յին կո­րուստնե­րուն եւ աւեր­նե­րուն հա­մար եւ ըսաւ թէ մեր հա­մայնքն ալ կո­րուստներ ու­նե­ցաւ։ Ցա­ւը բո­լորիս ցաւն է։ Պատ­րիարք Հայ­րը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց երկրա­շար­ժէն մին­չեւ այ­սօր կա­տարո­ւած­նե­րուն հա­մար եւ խօ­սեցաւ աղէ­տեալ­նե­րու հա­մար առ­ժա­մեայ բնա­կարան­ներ կա­ռու­ցա­նելու մա­սին։ Այս նիւ­թով կար­ծի­քի փո­խանա­կու­մէն ետք, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ըսաւ թէ ան­շուշտ որ հար­ցը կը կա­րօտի պե­տական ար­տօ­նու­թեան։

Յար­գե­լի Կու­սա­կալը նախ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ցա­ւակ­ցութեան, ինչպէս նաեւ քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Պատ­րաստա­կամու­թիւնը յայտնեց ծրագ­րի իրա­կանաց­ման հա­մար եւ խոս­տա­ցաւ իր կա­րելին ընել այս մա­սին եւս։

Շուրջ մէկ ժա­մուան սի­րալիր տե­սակ­ցութեան աւար­տին, Պատ­րիարք Հայ­րը փայ­տեայ ձե­ռագործ գե­ղեցիկ ծաղ­կա­ման մը նո­ւիրեց Կու­սա­կալ Շա­հինին։

Այց՝ Մա­լաթիոյ մայր քա­ղաքա­պետին

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը, ըն­կե­րակ­ցութեամբ շքա­խումբին, ժա­մը 12.00-ին պաշ­տօ­նարա­նին մէջ այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Մա­լաթիոյ Մայր Քա­ղաքա­պետ Սէ­լահատ­տին Կիւրքա­նին։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը յայտնեց, որ եկած է այ­ցե­լելու մեր հա­մայնքին, յետ երկրա­շար­ժի՝ ան­ձամբ ցա­ւակ­ցե­լու իրենց եւ աղօ­թելու։ Հո­վուա­պետա­կան այս այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ փա­փաքած էր նաեւ այ­ցե­լել Քա­ղաքա­պետ Կիւրքա­նին։

Քա­ղաքա­պետ Կիւրքան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ցա­ւակ­ցա­կան այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար եւ յի­շեց թէ երկրա­շար­ժի օրե­րուն ար­դէն մեր Հո­գեւոր Պե­տը գի­րով ցա­ւակ­ցած էր։ Յար­գե­լի Քա­ղաքա­պետը երախ­տի­քով յի­շեց կա­տարո­ւած բա­րեգոր­ծութիւննե­րը։

Մի­ջօրէին Քա­ղաքա­պետ Կիւրքան քա­ղաքա­պետա­րանի մէջ ճա­շով հիւ­րա­սիրեց հիւ­րե­րը։

Յար­գե­լի Քա­ղաքա­պետին եւս ներ­կա­յացո­ւեցաւ առ­ժա­մեայ բնա­կարան­ներ կա­ռու­ցե­լու ծրա­գիրը, որուն հա­մար իր պատ­րաստա­կամու­թիւնը յայտնեց։ Ան իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց կա­րեւո­րու­թիւնը տեղ­ւոյն հա­մայնքին, որ իր պատ­մութեամբ կա­պուած է այս քա­ղաքին եւ ան­բա­ժան մասն է անոր։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ցու­ցա­բերո­ւած հիւ­րա­սիրու­թեան հա­մար շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով հրա­ժեշտ առաւ Մա­լաթիոյ Մայր Քա­ղաքա­պետէն։

Պատ­րիարք Հայրն ու ըն­կե­րակից­նե­րը այ­ցե­լեցին Թաշ Խո­րան մշա­կոյ­թի կեդ­րոն՝ եր­բեմնի Ս. Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեցին, որ վնաս կրած էր երկրա­շար­ժէն։ Շէն­քի բուն կա­ռոյ­ցը անա­ղարտ մնա­ցած էր։ Վնա­սուած էին յատ­կա­պէս ըն­դարձակ պա­տու­հաննե­րը, եւ նեք­նա­մասի պա­տերուն վրայ գո­յացած էին ճեղ­քեր որոնք ըստ ճար­տա­րապե­տական տո­ւուեալ­նե­րու վտան­գա­ւիր չէին։ Ար­դէն իսկ քա­ղաքա­պետը հրա­հան­գած է որ հար­կա­ւոր մի­ջամ­տութիւննե­րը կա­տարո­ւիմ եւ նո­րոգո­ւին։

Օրո­ւան վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւնը կա­տարուեցաւ դէ­պի Մա­լաթիոյ Հա­յոց գե­րեզ­մա­նատու­նը, ուր Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը մէկ­տե­ղուե­ցաւ քա­ղաքաբ­նակ մե­րազն ժո­ղովուրդի ան­դամնե­րուն հետ։

Պատ­րիարք Հայ­րը այստեղ զրու­ցեց Մա­լաթիոյ հա­յերու հետ, տո­ւաւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը եւ խոս­տա­ցաւ իր կա­րելին ընել, որ­պէսզի մեր ժո­ղովուրդը մնայ իր ծննդա­վայ­րին մէջ ու եր­ջա­նիկ ըլ­լայ։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը մե­րազն ժո­ղովուրդին եւս տե­ղեկու­թիւն տո­ւաւ առ­ժա­մեայ բնա­կարան­ներ կա­ռու­ցե­լու ծրագ­րի մա­սին եւ հրա­ւիրեց Գէորգ Էօզ­քա­րակէօզը որ ծրագ­րո­ւած ձեռ­նարկին մա­սին տե­ղեկբւթիւններ փո­խան­ցեց։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը մխի­թարա­կան խօսք ուղղեց իր հօ­տին եւ ըսաւ թէ դժո­ւար է, մա­հեր եղան, սա­կայն միասին է մեր Մա­լաթիոյ ժո­ղովուրդը։ Եւ իրենց հետ են Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը, Ստան­պուլա­հայ մեր հա­մայնքը, ինչպէս նաեւ ար­տա­սահ­մա­նի իրենց եղ­բայրներն ու քոյ­րե­րը։ Պատ­րիարք Հայ­րը յի­շեցուց, որ աղօ­թող է իրենց հա­մար։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան խօս­քի աւար­տին, կա­տարո­ւեցաւ ճա­շու ժամ եւ հանգստեան կար­գով յի­շատա­կուե­ցան Մա­լաթիոյ հայ հա­մայնքի հան­գուցեալ ան­դամնե­րը։

Նոյն երե­կոյ, Պատ­րիարք Հայ­րը հրա­ժեշտ առաւ Մա­լաթիոյ մեր ժո­ղովուրդէն ու ցա­մաքի ճամ­բով մեկ­նե­ցաւ Էլա­զըղ։