Հայոց Ցեղասպանութեան Վերապրողներու Յիշատակին Նուիրուած Յուշարձանի Բացում Մասաչուսէցի Մէջ

Սփիւռք

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, նախագահեց Հայկական Ժառանգութեան յուշարձանի հիմնարկէքին եւ օրհնութեան արարողութեան Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը։

Յուշարձանը պիտի նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու յիշատակին։ 1880 թուականներուն, առաջին հայ գաղթականները եկած էին աշխատելու Whitin Machine Works-ի մէջ։ Իրերայաջորդ սերունդներ իրենց աշխատասիրութեան շնորհիւ յաջողեցան բարգաւաճիլ եւ բարօր կեանք մը ստեղծել համայնքին համար։ Յուշարձանը նաեւ պիտի մեծարէ Ուայթընզիլի եւ Պրաքսթոնի հովիտի հայերու յիշատակն ու ժառանգութիւնը։

Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Տէյվիտ Մուրատեան, ինչպէս եւ Նորթպրիճ քաղաքի աւագանիի անդամներ, քաղաքի կառավարիչն ու բարերարներ ընկերացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին ոսկեզօծ թիերով, որոնք իրենց յանձնուեցան իբրեւ այս յատուկ պահուն յիշատակ։

Բարեջան Առաջնորդը երախտապարտութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդի երազները իրականացնելու կարելիութիւնը կ՚ընծայէ, եւ դրուատեց Նորթպրիճի քաղաքապետարանը, որ հողը տրամադրած է, մեծարելով ամերիկահայ համայնքի ներդրումը շրջանի բարգաւաճման մէջ։ Արարողութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական Աղօթքի երգերցողութեան, որուն հետեւեցաւ ճաշկերոյթ մը Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։