Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Պատարագ՝ Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

«Քրիստոս իր յարութեամբ մահուան վրայ յաւիտենական կեանքի յաղթական դրօշը պարզեց: Ան իր յարութեամբ ջախջախեց չարին զօրութիւնը, խորտակեց դժոխքին դռները, փարատեց մահուան խաւարը եւ նոր կեանքի լոյսով ու յոյսով շնչաւորեց համայն տիեզերքն ու ողջ մարդկութիւնը»։

Մակար Եպս. Աշգարեան

Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց եւ Սուրբ Յարութեան տօնի պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատու գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեան եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Յարաբերական մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ազգային մարմիններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի:

Ս. Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:

Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, գլխաւորութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գէորգ սրկ. Սէմէրճեանի: Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, Ս. Յարութեան տօնի խորհուրդը փոխանցող շարականներով հաւատացեալները գօտեպնդուեցան։

Սրբազան Հայրը Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Յարուցեալ Փրկիչին շրթներէն արտաբերուած առաջին գօտեպնդիչ նախադասութիւնը. «Ողջոյն ձեզի, մի՛ վախնաք…» (Մտ 28.9)։

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթական ողջոյնը թափանցելով գերեզման այցելած երկու կիներուն մինչեւ ողն ու ծուծը՝ անմիջապէս վերականգնեց ու վերահաստատեց անոնց հաւատքն ու վստահութիւնը: Աստուածային այդ ողջոյնը կենդանի սիրոյ ջերմութեամբ վերակենսաւորելով անոնց սրտին զարկերը, փշրեց վախի շղթաները եւ փարատելով անորոշութեան մէգը՝ ջինջ տեսողութեամբ հարստացուց անոնց հոգիները։ Մակար Սրբազան յայտնեց, թէ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Խօսքը, մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ, որպէսզի խաչափայտին վրայ իր անձին կենդանի պատարագումով մեզ ազատագրէ, փրկէ, մաքրէ ու սրբէ՝ մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն շնորհէ եւ իր յարութեամբ արդարացնելով` յաւիտենականութեան արժանացնէ։ Ա՛յս է հրաշափառ սուրբ Յարութեան նպատակն ու պատգամը:

«Քրիստոս իր յարութեամբ մահուան վրայ յաւիտենական կեանքի յաղթական դրօշը պարզեց: Ան իր յարութեամբ ջախջախեց չարին զօրութիւնը, խորտակեց դժոխքին դռները, փարատեց մահուան խաւարը եւ նոր կեանքի լոյսով ու յոյսով շնչաւորեց համայն տիեզերքն ու ողջ մարդկութիւնը», հաստատեց Սրբազան Հայրը։

Մակար սրբազան աւետեց Աստուածորդւոյն եւ մեր միակ Տիրոջ ու Փրկչին յաղթանակի աւետիսը եւ Աստուծոյ քաղցր հրաւէրը ուղղեց իւրաքանչիւրին, պատուիրելով, որ խոնարհեցնեն իրենց անձերը, բանան իրենց սրտի դռները եւ հաւատքով ընդունին Քրիստոսը որպէս կեանքի միակ Տէր եւ ազատարար, որպէսզի կարենան իր յարութեան զօրութեամբ ոտնակոխել մահը եւ յաղթականօրէն արժանի ըլլալ ժառանգելու յաւիտենական յարուցեալ կեանքը, ուրախութեամբ գոչելով. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան զօրութիւնը ճառագայթէ Հայաստանի, Արցախի եւ ծննդավայր Սուրիոյ վրայ, պահէ ու պահպանէ Սուրիոյ ժողովուրդը, բանակը եւ անոր ղեկավար վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատը։Պատարագէն ետք, դպրաց դասը հոգեկան ցնծութեամբ երգեց «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։ Ապա, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, Սրբազան Հայրը ընդունեց ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը ազգային-հայրենասիրական երգերով տօնական մթնոլորտ ստեղծեց։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու եւ ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։