Յարութեան Հաւատքով Շաղախենք Մեր Կեանքը․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Սփիւռք

Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը՝ տօնելու մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Զատկական Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը յղեց իր Հայրապետական պատգամը [մանրամասնութիւնները տեսնել այստեղ→ https://wp.me/p7epxk-cVj ]

Նորին Ս. Օծութեան առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Հաւատացեալներու կողքին Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայասհանի Հանրապետութեան դեսպանը ու իր տիկինը եւ դեսպանատան անձնակազմէն պատուիրակութիւն մը, մեր Ս. Աթոռին Ազգային Կեդրոնական Վարչութենէն անդամներ, քաղաքապետներ եւ քաղաքական ու ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան հաւատքով շաղախելու մեր կեանքը։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։

Հուսկ, Հայրապետը Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց Վեհարանի դահլիճին մէջ։