Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ 8-ամեայ Դադարէ Ետք Սուրբ Յարութեան Տօնի Պատարագ Մատուցուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, 8-ամեայ դադարէ ետք առաջին անգամ, մատուցուած է զատկուան պատարագ։ Սուրբ Կիրակոսը 2015 թ․ թուրք-քրտական ընդհարումներուն հետեւանքով վնասուած էր ու փակուած եւ վերաբացուած էր միայն անցեալ տարուան Մայիսին։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ը։

Պատարագը մատուցած են Կոստանդնուպոլսէն այդ նպատակով Տիգրանակերտ ժամանած հոգեւոր հայրերը։

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոսը բարեբախտաբար չէր տուժած այս տարուան Փետրուարին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժերէն։