ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումը Փորձած է Յառաջանալ Ստեփանակերտ-Լիսագոր Ճանապարհի Մօտակայ Բարձունքներէն Մէկուն Ուղղութեամբ
Մարտ 27-ին, ժամը 9։00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումը փորձած է յառաջանալ Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճանապարհի մօտակայ բարձունքներէն մէկուն ուղղութեամբ։ Նշուած հատուածին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ՊԲ զինծառայողներու կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ՝ ազրպէյճանական ստորաբաժանման յառաջխաղացման փորձը կասեցուած է։
Միջադէպին մասին հաղորդուած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն