ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումը Փորձած է Յառաջանալ Ստեփանակերտ-Լիսագոր Ճանապարհի Մօտակայ Բարձունքներէն Մէկուն Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտ 27-ին, ժամը 9։00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումը փորձած է յառաջանալ Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճանապարհի մօտակայ բարձունքներէն մէկուն ուղղութեամբ։ Նշուած հատուածին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ՊԲ զինծառայողներու կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ՝ ազրպէյճանական ստորաբաժանման  յառաջխաղացման փորձը կասեցուած է։

Միջադէպին մասին հաղորդուած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն