Մեր Եկե­ղե­ցին եւ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը (­Վա­ւե­րաց­ման 160-ա­մեա­կի Ա­ռի­թով)․ Միհրան Քիւրտօղլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Բ․ ՄԱՍ

­Մեր ե­կե­ղե­ցին

1863 թո­ւա­կա­նի ­Մարտ 30-ին Օս­մա­նեան ար­քու­նի­քէն պաշ­տօ­նա­պէս կը վա­ւե­րա­ցո­ւէր հայ հա­մայն­քի Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ո­րով եւ գործ­նա­կա­նօ­րէն եւ օ­րէն­քի տա­ռովն ալ կ­՚ամ­րագ­րո­ւէին հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղովր­դա­վար հան­գա­մանքն ու նկա­րա­գի­րը:
­Հին ժա­մա­նակ­նե­րէն, իր ա­կունք­նե­րուն մէջն իսկ մեր ե­կե­ղե­ցին կղե­րա­պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն չէ ե­ղած: ­Ժա­ռան­գու­թեան ի­րա­ւուն­քով հօր­մէ որ­դի յա­ջոր­դած քա­նի մը կա­թո­ղի­կոս­նե­րու հա­մե­մա­տա­բար կարճ շրջա­նէ մը ետք , ազ­նո­ւա­կան­նե­րէ կազ­մո­ւած «աշ­խար­հա­ժո­ղով»ն­ էր, որ կ­՚ո­րո­շէր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յար­մար թեկ­նա­ծուն՝ ան­շուշտ թա­գա­ւո­րին ազ­դե­ցիկ մի­ջամ­տու­թեամբ:
­Պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տէն ետք , պարս­կա­կան, թիւրք­մէ­նա­կան , թրքա­կան թէ այլ դա­ժան տի­րա­պե­տու­թեանց ձիգ դա­րե­րուն՝ մեր ե­կե­ղե­ցին բնա­կա­նա­բար ինքն իր մէջ կը կծկո­ւէր. բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ՝ իշ­խող խա­ւին չա­րա­շա­հում­ներն ու խա­թա­րում­նե­րը թէեւ ան­խու­սա­փե­լի ի­րենց վա­րա­կը կը ձգէին կարգ մը ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու վրայ , այ­դու­հան­դերձ ե­կե­ղե­ցին միշտ կը շա­րու­նա­կէր մնալ կազ­մա­կեր­պու­մի եւ հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան սքան­չե­լի ու միակ միջ­նա­բեր­դը, ուր կը պահ­պա­նո­ւէին հա­յու­թիւ­նը իր ան­ցեա­լին կա­պող ազ­գա­յին ար­ժէք­ներն ու մշա­կոյ­թի մնա­ցոր­դա­ցը, ա­ւան­դոյթ­ներն ու ծէ­սե­րը, լե­զուն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը:
Ա­մէն գիւղ ու ա­ւան, նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն յե­տի­նը կ­‘ու­նե­նար իր ե­կե­ղե­ցին ու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը, ո­րոնց շնոր­հիւ կը կազ­մո­ւէր հա­մայն­քը, որ միեւ­նոյն հա­ւատ­քին հե­տե­ւող մար­դոց հա­մախմ­բուա­ծու­թիւնն է: ­Քա­հա­նան կրօն­քի ծի­սա­կա­տարն էր , գիւ­ղա­ցի­նե­րը մխի­թա­րո­ղը, գիւ­ղին խոս­տո­վա­նա­հայրն էր , վե­ճե­րուն լու­ծում տո­ւող դա­տա­ւո­րը, խրա­տողն ու խորհր­դա­տուն, յա­ճախ նաեւ դաս­տիա­րա­կը: ­Հա­մեստ ու­ժե­րով եւ իր հա­մայն­քին հետ ծէ­սի ու ա­ւան­դու­թեանց ճամ­բով ազ­գա­յին թթխմո­րին պա­հա­պա­նը:
Ա­ւե­լի վերջ, ձեռն­տու պայ­ման­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­մով ե­կե­ղե­ցին կը վե­րա­ծո­ւէր նաեւ մտա­ւոր լու­սա­ւո­րու­թեան կեդ­րո­նի՝ իր նպաս­տը բե­րե­լով զար­թօն­քի շար­ժու­մին, որ ազ­գի վե­րա­կա­ռուց­ման ու­ղին հար­թող պայ­քա­րի հրա­ւէր մըն էր: Եւ այն­պի­սի մի­ջա­վայ­րի մէջ, որ հե­ռու էր Եւ­րո­պա­յէն, ան­հա­ղորդ՝ ա­նոր քա­ղա­քակր­թա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցին եւ շրջա­պա­տո­ւած՝ մո­լե­ռանդ ու յե­տամ­նաց ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րով…:
Այս պատ­կե­րը հա­նենք իր ժա­մա­նա­կի ու մի­ջա­վայ­րի պա­րու­նա­կէն եւ զայն տե­ղադ­րենք ներ­կայ օ­րե­րու մէջ եւ պի­տի հաս­տա­տենք , որ ա­ւան­դու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, տե­ղա­հա­նո­ւած մնա­ցոր­դա­ցը, ա­նա­սե­լի թշո­ւա­ռու­թեան մէջ շո­ւար ու կա­մա­կոր հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ, զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ հա­մայն­քա­յին դի­մա­գիծ ու ջիղ կը ստա­նա­յին՝ նոյն­պէս տե­ղա­հան ե­ղած ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան շնոր­հիւ: ­Հե­տա­գա­յին ալ, սփիւռ­քի ըն­դար­ձա­կու­մով, կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գոր­ծը կը ծա­ւա­լէր: ­Մի­ջին ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­ներ, ա­րա­բա­կան ա­նա­պա­տա­յին քա­ղաք­ներ, Ա­մե­րի­կա, ­Գա­նա­տա ու մին­չեւ ­Վե­նե­զո­ւե­լա հա­յու­թեամբ բնա­կո­ւած վայ­րե­րու մէջ ի հո­գե­ւորս ծա­ռա­յող­ներ կը ղրկո­ւէին ՝ ե­կե­ղե­ցի­ներ կա­ռու­ցե­լու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջո­ցով ու շուրջ հա­մայն­քա­յին կեանք ու աշ­խու­ժու­թիւն ստեղ­ծե­լու եւ հա­մախմ­բել ջա­նա­լու հա­մար ցրո­ւած հա­յու­թիւ­նը: Եւ այն­պի­սի անհ­րա­պոյր վայ­րե­րու մէջ, ուր պի­տի դժկա­մէին-չու­զէին գոր­ծու­ղո­ւիլ հան­րա­յին այլ մար­զե­րու նո­ւի­րո­ւած գոր­ծիչ­ներ:
­Հարց է , թէ ա­ռանց ե­կե­ղե­ցիի ու ե­կե­ղե­ցա­կա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան , տե­ղա­հա­նո­ւած հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ար­դեօ՞ք պի­տի կա­րե­նա­յին կազ­մա­կերպ հա­յա­գա­ղութ­նե­րու վե­րա­ծո­ւիլ թէ ոչ…
­Կը տես­նենք, որ վե­րը նշո­ւած պատ­կե­րին միեւ­նոյն դե­րա­կա­տար­նե­րը (ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կող­նե­րը) միեւ­նոյն դե­րին մէջն են, ան­շուշտ նո­րո­վի պատ­շա­ճե­ցում­նե­րով ու ար­դի ըմբռ­նում­նե­րով, քա­նի որ այ­լեւս կրօ­նա­կա­նը իր ան­ձին վրայ չի կեդ­րո­նաց­ներ ան­ցեա­լի հան­գա­մանք­նե­րը, ազ­գա­յին­ներն ալ ա­տե­նի գիւ­ղա­ցի­նե­րը չեն եւ մա­նա­ւանդ որ 160 տա­րի­նե­րէ ի վեր կեան­քի կո­չո­ւած է եւ ի զօ­րու կը մնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ:
­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին եւ մին­չեւ այ­սօր հայ ե­կե­ղե­ցիին ուժն ու կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը հա­ւա­նա­բար կը կա­յա­նան այն իւ­րա­յատ­կու­թեա­նը մէջ, որ ա­նոր պաշ­տօ­նեա­նե­րը, այ­սինքն ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թիւ­նը ինք­զինք չէ նկա­տած ու չի նկա­տեր ա­ռան­ձին ու ան­ջատ դա­սա­կարգ մը, այլ կը հա­մա­րէ ան­քակ­տե­լիօ­րէն նոյ­նա­ցած ազ­գա­յին­նե­րուն ու ազ­գին հետ: Ե­կե­ղե­ցի ու ազ­գա­յին­ներ փո­խա­դարձ հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ եւ միեւ­նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով ու թի­րախ­նե­րով վա­րած են ու կը վա­րեն ազ­գին գոր­ծե­րը, մղո­ւած ՝ ազ­գա­յին միեւ­նոյն շա­հե­րէ ու նպա­տակ­նե­րէ:
­Շա­հե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու այս նոյ­նու­թիւնն է ար­դէն, որ մեր ե­կե­ղե­ցիին կու տար ու կը շա­րու­նա­կէ տալ իւ­րա­յա­տուկ եւ նոր գա­ղա­փար­նե­րու ըն­դու­նակ նկա­րա­գիր, կո­րու­սեալ պե­տու­թիւ­նը փո­խա­րի­նող դե­րա­կա­տա­րու­թիւն, ո­րու հա­մար ալ ար­դէն ազ­գա­յին­նե­րը կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն տուին թա­գա­ւոր­նե­րու յա­տուկ տիտ­ղո­սը, այ­սինքն «­Վե­հա­փառ» կո­չու­մը:

(շար.2)