Զօրավիգ Կանգնեցէք Երեւանի «Յառաջ» Նորահաստատ Արեւմտահայերէնի Կեդրոնին․ Կոչ

Հայաստան, Սփիւռք

Միջին Արեւելքի քաղաքական սուր տագնապներուն պատճառով՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի հայեր Հայաստան հաստատուեցան։ Անոնց մէկ մասը մնաց, ուրիշներ գաղթեցին դէպի ԱՄՆ, Գանատա, Եւրոպա…

Այսօր Երեւանի մէջ գոյացած է արեւմտահայ համայնք մը, որ կը հաշուէ 25,000-30,000 հոգի։ Երեւանի մէջ շատ սովորական երեւոյթ է ամէնուրեք հանդիպիլ արեւմտահայերու, լսել՝ արեւմտահայերէն խօսակցութիւններ։

Սակայն, արեւմտահայերէնը կրնայ շուտով չքանալ Երեւանի հանրային կեանքէն, եթէ աշխատանք չտարուի զայն պահպանելու եւ ամրացնելու։

«ՅԱՌԱՋ» արեւմտահայերէնի կեդրոնը հիմնադրուած է ծառայելու Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ (արեւմտահայերէն խօսող) համայքին։ Պէտք է հոգ տանիլ, որ ան իր լեզուական, մշակութային ինքնուրոյնութիւնը պահպանէ եւ զարգացնէ։

Ներկայ դրութեամբ «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնը կ՚իրականացնէ  հետեւեալ աշխատանքները․

– Արեւմտահայերու հանդիպումի վայր է, ուր տեղի կ՚ունենան նաեւ զանազան հաւաքներ ու կը գործեն աշխատանոցներ.    

– Մանուկներու արեւմտահայերէնով շաբաթօրեայ աշխատանոց.   

– Երիտասարդ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու համախմբումներ եւ ելոյթներ.    

– Երիտասարդներու համար արեւմտահայերէն գրական ակումբ.    

– Արեւմտահայ թատերագիրներու բեմադրութիւններ.   

– Արեւմտահայ մտաւորականներու եւ հեղինակներու հետ հանդիպումներ.   

– Սուրիացի եւ լիբանանցի արհեստաւորներու արտադրութիւններու վաճառքի գովազդում եւ ներկայացում.

– Արեւմտահայերէնով նոր հրատարակութիւններու հաւաքում ու տարածում.

– Արեւմտահայերէն գրադարանի մը կազմութիւն (ընթացքի մէջ է).

– Հայաստանեան դպրոցներու մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդութեան քաջալերում. 

– Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ ուսուցիչներու ցանցի մը ստեղծում։

Յաճախ կը խօսուի արեւմտահայերէնը պաշտպանելու անհրաժեշտութեան մասին։

Ոչ մէկը կրնայ աւելի լաւ պաշտպանել արեւմտահայերէնը, քան՝ արեւմտահայը ինքը, արեւմտահայերէն գործածելու առիթներ ընծայելով մանուկներուն, երիտասարդներուն, չափահասներուն։  Նա՛եւ՝ պահեր ստեղծելով մտաւորականութեան հետ շփուելու, արեւմտահայերէնով ընկերութիւն ընելու,
միջոցներ հայթայթելով արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու։

Հայաստանի մէջ արեւելահայ մեծամասնութեան մէջ արեւմտահայ փոքրամասնութեան ի յայտ գալը նոր երեւոյթ չէ։ 20-րդ դարուն երկու առիթներով՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կազմութեան ժամանակ եւ Ներգաղթի ժամանակ, տեղի ունեցաւ արեւմտահայերու զանգուածային գաղթ, սակայն անոնք
չկրցան կազմել համայնքներ, անոնց մշակոյթը ճզմուեցաւ բոլշեւիկեան վարչակարգին կողմէ։ Այսօր, Հայաստանի վերանկախացման առթիւ, պէտք չէ մսխել այս երրորդ առիթը։

Ներկայիս եւս, շատեր վերապահութեամբ կը մօտենան հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնի գոյատեւումին։ Ինչո՞ւ թերահաւատութեամբ մօտենալ հայրենիքի մէջ անոր գոյատեւումին եւ նոյնքան թերահաւատութեամբ չմօտենալ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու կամ այլ երկրի մէջ անոր պահպանումին։ Հայաստանը նո՛ր միջավայր է, նո՛ր փորձառութիւն, ունի իր առաւելութիւնները, իբրեւ կազմաւորուած հայկական միջավայր եւ իր անպատեհութիւնները։ Բոլոր տեսակի մտավախութիւնները եւ գաղափարական կանխավարկածները մէկդի դրած՝ պէտք է մտածել Երեւանի մէջ կայք հաստատած 25,000-30,000 արեւմտահայու մշակութային կենսական կարիքները հոգալու, կայուն համայնքային կեանք ստեղծելու, անոր բացառիկ արեւմտահայ հարստութիւնը պահպանելու մասին։

Շատեր օգնութիւն կը սպասեն Հայաստանի  կառավարութենէն։ Ուրիշներ Սփիւռքի քաղաքական կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եկեղեցիներէն…

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան նպատակը հետապնդող անկախ կեդրոն մը լաւագոյն երաշխիքն է անոր պաշտպանութեան։ Արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու լաւագոյն եղանակը զայն գործածելն է եւ անոր նեցուկ կանգնիլը, անկախ՝ կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական պատկանելիութիւններէ եւ օրակարգերէ։ Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայ մշակոյթը՝ իբրեւ անբաժան մասնիկը ամբողջական հայ մշակոյթի՝ արժանի են յատուկ ուշադրութեան եւ մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ տեսանելի կեդրոն մը ունենալը՝ կենսական, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։

Վերջապէս, Հայաստանը կարիքը ունի արեւմտահայ մշակոյթը, լեզուն ճանչնալու, Սփիւռքահայութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու համար։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները բարելաւելու այս պատեհ առիթը պէտք չէ փախցնել։

Բարի՛ եկած էք, այցելեցէք «ՅԱՌԱՋ» կեդրոն, 29 Լեռ Կամսար փողոց, Ամերիկեան համալսարանի կողքը։ Կեդրոնը կը ղեկավարուի Անի Բրդոյեանի կողմէ։ «ՅԱՌԱՋ» հիմնադրամը հիմնադրուած է Ժիրայր Չոլաքեանի, Սիլվիա Գասպարեանի, Յարութիւն Կոպէլեանի կողմէ։ Կեդրոնը իր գործունէութիւնը ամուր հիմքերու վրայ դնելու համար՝ հոգաբարձու խորհուրդ մը կազմելու ընթացքին մէջ է, որ պիտի ունենայ 5-7 անդամ։

Ձեր մասնակցութիւնը բերէք արեւմտահայ մշակոյթի Հայաստանի մէջ արմատացման։ Ձեր նիւթական օգնութիւնը յղեցէք Պարոն Մհեր Պապեանին, որ ինքնաբուխ կերպով ընդունած է յանձն առնել դրամահաւաքի այս ազնիւ առաքելութիւնը։

MEHER     BABIAN

18455   ST.MORITZ   DR

TARZANA   CA  91356