Արցախի Ժողովուրդը Ցեղական Զտումէ եւ Ցեղասպանութենէ Փրկելու Լաւագոյն եւ Արդիւնաւէտ Միջոցը Անոր Ինքնորոշման Իրաւունքին Ճանաչումն է․ ԱՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի ԱԳՆ-ը տարածած է մեկնաբանութիւն՝ ազրպէյճանական ԶՈՒ կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորման վերաբերեալ։

«Մարտ 22-ին, ազրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ խախտելով հրադադարը, կրակած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքին վրայ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիական անձերուն ուղղութեամբ։ Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորման արդէն երրորդ դէպքն է։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 15-ին, ազրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձգային զինատեսակներով կրակած էին Մարտունի շրջանի Ամարասի հովիտին մօտակայ խաղողի այգիներուն մէջ աշխատող գիւղացիներուն վրայ, իսկ Մարտ 19-ին՝ Թաղավարդ գիւղի վարչական տարածքին վրայ քարշակով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիին վրայ։

Ակնյայտ է, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած նմանօրինակ յարձակումները  մաս կը կազմեն ազրպէյճանի երկարամեայ եւ հետեւողական քաղաքականութեան եւ ուղղուած են Արցախի մէջ կեանքի անտանելի պայմաններու ստեղծման, երկրի տնտեսութիւնը վնասելուն եւ արցախահայութեան վրայ հոգեբանական ճնշում գործադրելուն: Այդ իսկ քաղաքականութեան ծիրէն ներս, արդէն աւելի քան 100 օր Արցախը կը գտնուի ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէն կազմակերպուած շրջափակման մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք նուազագոյնի հասցուած է հանրապետութիւն սննդամթերքի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան այլ ապրանքներու ներմուծումը, խախտուած են Արցախի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժի, պատշաճ բժշկական օգնութեան, կրթութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքները։ Աւելին, ազրպէյճանական կողմը պարբերաբար կ՝արգելափակէ Արցախի կազամատակարարումը, կը խոչընդոտէ Հայաստանէն եկող բարձրաստիճան ելեկտրահաղորդման գիծի վթարի վերացման աշխատանքները՝ Արցախի ժողովուրդը զրկելով կենցաղային տարրական պայմաններէն։

Արցախի մէջ տիրող մարդկայնական ծանր իրավիճակի պայմաններուն մէջ, այսպէս կոչուած «բնապահպան»-ներու ցոյցերը կ՝ուղեկցուին երաժշտութեամբ, պարերով, հրավառութեամբ, ալքոհոլով եւ խնջոյքներով, որոնք ատելութեան խրախճանք կը յիշեցնեն՝ ի նշանաւորումն ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անօրինական եւ անմարդկային շրջափակման եւ 120 հազար մարդոց տառապանքներուն։

Գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիներու թիրախաւորումով ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ թոյլ չտալ արցախցիներուն գոնէ որոշ չափով մեղմելու շրջափակման հետեւանքով յառաջացած սնունդի պակասի լուրջ խնդիրները։

ազրպէյճանը ամէն գնով կը ձգտի կոտրել սեփական հողին վրայ ազատ ապրելու արցախցիներուն կամքը՝ չխորշելով անգամ ահաբեկչական գործողութիւններէ, ինչպիսին էր Մարտ 5-ի յարձակումը, որուն ժամանակ զոհուեցաւ ԱՀ ոստիկանութեան 3 աշխատակից, իսկ մէկը՝ ծանր վիրաւորուեցաւ։ Պարբերաբար կը հնչեն ակնյայտ ազգայնական, հայատեաց եւ անմարդկային կոչեր թէ՛ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան, թէ՛ հասարակ քաղաքացիներուն կողմէ։ Վերջին նման օրինակը օրերս ազրպէյճանական լրատուադաշտին մէջ լայնօրէն տարածուած տեսանիւթն է, ուր Բերձորի միջանցքը արգելափակած «բնապահպան»-ներէն մէկը ազրպէյճանի թողտուութեամբ բառացիօրէն կը սպառնայ Նովրուզի տօնին առիթով հայ մորթել։

Պետական մակարդակով ազրպէյճանի վարած ցեղասպան քաղաքականութեան հինքին վրայ անհրաժեշտ կը համարենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ վճռական եւ անյետաձգելի միջոցներու ձեռնարկումը՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու ապահովման եւ ազրպէյճանի ցեղասպանական մտադրութիւններու կանխարգիլման։

Համոզուած ենք, որ Արցախի ժողովուրդը ցեղական զտումէ եւ ցեղասպանութենէ փրկելու լաւագոյն եւ արդիւնաւէտ միջոցը անոր ինքնորոշման իրաւունքին ճանաչումն է եւ անոր ամրագրումը իբրեւ հակամարտութեան կարգաւորման հիմք»,- ըսուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած մեկնաբանութեան մէջ։