Շուշիի Պէս Շէն Քաղաքը Իր Նշանակութեամբ Շատ «Գրաւիչ» Էր Թուրքերուն Համար. Ռուբէն Վարդանեան

Աշխարհ, Հայաստան

Շուշին իր նշանակութեամբ մեծ կարեւորութիւն ունեցած է ոչ միայն Արցախի ու Հայաստանի, այլ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան:

«Շուշին Արցախի ամենահարուստ ու զարգացած քաղաքն էր, ուր կը գործէին դատարաններ, դպրոցներ, համքարութիւններ, գործարաններ եւ ուր կառուցուած էր Արցախի առաջին տպագրատունը։ Շուշիի պէս շէն քաղաքը իր նշանակութեամբ շատ «գրաւիչ» էր թուրքերուն համար։ 1905 թուականէն սկսեալ հայերու հետ հրահրուող պարբերական բախումներուն թիւը սկսաւ աճիլ։

Շուշիի մէջ 1920 թուականի Մարտին ազրպէյճանցիները կոտորեցին տասնեակ հազարաւոր հայեր։ Քաղաքը աւերուեցաւ ու թալանուեցաւ։

Յատկանշական է, որ երբ Շուշիի ջարդերէն տասը տարի անց ռուս բանաստեղծ Օսիբ Մանտելշդամը կնոջ հետ այցելեց Հայաստան, եղաւ Արցախ եւ Շուշի, քաղաքը տեսաւ այնպէս, ինչպէս կոտորածէն ետք էր՝ մռայլ, աւերուած ու թալանուած, իսկական մահուան քաղաք։

Նատեժտա Մանտելշդամ իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ, թէ 1920 թ. Մարտին հայերու դէմ սկսած կոտորածէն ետք ազրպէյճանցիները ինչի վերածած էին երբեմնի հարուստ ու բարեկեցիկ, ծաղկող ու հայկական Շուշին։ Իսկ նշանաւոր բանաստեղծը այդ ճամբորդութենէն ետք գրեց իր ամենամռայլ բանաստեղծութիւնը։