Քաղաքակիրթ Աշխարհը 100 Օր է Լուռ Կը Հետեւի Փոքրիկ Արցախի Շուրջ Զարգացումներուն․ Արթուր Թովմասեան

Աշխարհ, Հայաստան

Քաղաքակիրթ աշխարհը 100 օր է լուռ կը հետեւի փոքրիկ Արցախի շուրջ զարգացումներուն։ Այս մասին ըսուած է ԱՀ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի՝ Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Անտեսելով եւ արհամարհելով միջազգային հանրութեան բազմաթիւ յայտարարութիւններն ու ընդունած բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ առանձին հեղինակաւոր անձերու կոչերը եւ յատկապէս Հաագայի արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումը՝ ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ փակ պահել կեանքի ճանապարհը:

Շրջափակման պատճառով երկու ժողովուրդներուն միջեւ աւելի կը խորանայ անվստահութեան մթնոլորտը:

Անկոտրում է արցախցիին կամքը: Կա՞յ, արդեօք, ապաշրջափակման տարբերակ: Կը կարծեմ՝ այո: Ուսումնասիրելով համաշխարհային փորձը՝ կրնանք վկայակոչել պատժամիջոցներու կիրառումը:

Կշիռքի մէկ նժարին դրուած են ժողովրդավարական արժէքները, միւսին ՝ քարիւղն ու կազը: Այստեղ է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է ընտրութիւն կատարէ: Եւ, եթէ իրականութեան մէջ ժողովրդավարական արժէքները աւելի կարեւոր ըլլային մեծ խաղացողներուն համար՝ շրջափակումը շատոնց վերացուած պիտի ըլլար:

Արցախցիները իրենց հանապազօրեայ հացը կը վաստակին: Հաւանաբար ամենամեծ աշխատանքը՝ սկսեալ ծննդատան մանուկէն մինչեւ զառամեալ ծերունի, հայ ազգի արժանապատուութեան պահպանումն է, որ կը կատարենք Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր յամառութեան շնորհիւ:

Աստուած պահապան հայկական երկու հանրապետութիւններուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: