Կեսարիոյ Հայկական Եկեղեցիին Մէջ Միջինքի Առիթով Ս․ Պատարագ Մատուցուած է (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Էրկիր

Կեսարիա նահանգի Մելիքկազի գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցիին մէջ, Միջինքի առիթով, մատուցուած է սուրբ պատարագ։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Պատարագին ընթացքին աղօթք հնչած է նաեւ Մարաշի մէջ Փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերուն ժամանակ մահացածներու հոգիներուն հանգստութեան համար։

«Անատոլիոյ մէջ առաջին հայկական եկեղեցի համարուող» Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի արարողութեան ներկայ գտնուած են Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանը, Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի նախագահ Զատիկ Թոքերը եւ հայկական համայնքի անդամներ։ Պատարագը մատուցուած է Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի կողմէ եւ տեւած 2 ժամ։ Սոյն եկեղեցւոյ մէջ տարին մեկ անգամ կազմակերպուող պատարագին ընթացքին բարեպաշտները մոմեր վառած եւ աղօթած են Մարաշի երկրաշարժերու զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Սահակ Մաշալեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Կեսարիան նշանակալի քաղաք է եւ ըսած․ «Այստեղ մենք ունինք քրիստոնեայ անցեալ, որ կը կազմէ այս քաղաքին հարստութիւնը։ Այն հանգամանքները, որ եկեղեցին այստեղ կը գտնուի, որ մենք այստեղ գալով մեր ամենամեայ կրօնական արարողութիւնը կ՝ընենք, եւ որ եկեղեցին բաց է զբօսաշրջիկներուն համար, առանձնայատուկ արժէք կու տան Կեսարիոյ։ Ատիկա կարեւոր է՝ այս քաղաքին բազմամշակութային ըլլալը ցոյց տալու առումով։ Մենք նախապէս այստեղէն կ՝երթայինք Իսքէնտէրուն եւ Հաթայ։ Այդ ուղեւորութիւնները չեղեալ եղած են։ Ատոր համար այս պատարագին անհատապէս մասնակցելու նպատակով այցելուներ ալ եղան։ Բացի այդ, եկեղեցին վերանորոգուած էր նոր։ Անիկա վերստին կրօնական արարողութիւններուն համար բանալու նպատակով հարկ էր, որ այստեղ պատարագ ընէինք։ Փոքրիկ մասնակցութեամբ, բայց կարեւոր արարողութեամբ պիտի նշենք Միջինքը»։

Միջինքի մասին թրքական լրատուամիջոցի թղթակիցին մանրամասնութիւններ յայտնած է Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի նախագահ Զատիկ Թոքերը։

https://www.dha.com.tr/gundem/kayseride-micing-ayini-yapildi-depremde-olenler-icin-dua-edildi-2222755

Թրգերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը