Արցախցի Գրողը՝ Միջազգային Գրական Մրցոյթի Դափնեկիր

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Արցախցի արձակագիր, լրագրող Աշոտ Բեգլարեանը «Մեծ Ուխտաւորը` Երիտասարդներին» միջազգային հիմնադրամի Փառքի ակումբի 27 համարային մրցոյթի դափնեկիր դարձած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

44-օրեայ պատերազմի մասին Աշոտ Բեգլարեանի «Թողնուած գնդակը» պատմուածքը միջազգային մրցոյթին գրաած է երկրորդ տեղը։ Ան նշած է, որ պատմուածքը ոչ թէ մարտական գործողութիւններու, այլ պատերազմական պայմաններու մէջ մարդկային հոգեբանական ապրումներու մասին է՝ փիլիսոփայական եզրակացութիւններով։ «Մրցոյթը կայացած է Մոսկուա քաղաքին մէջ, ներկայացուած է տարբեր երկիրներու հեղինակներու 53 գեղարուեստական գործ: Մասնակցած են միայն նախորդ մրցոյթներուն յաղթած հեղինակները, որ մրցոյթը կը դարձնէ աւելի ծանրակշիռ»,- ըսած է Ա. Բեգլարեանը: Մրցոյթին մասնակցելու հանգամանքը ան կարեւոր կը համարէ միջազգային ասպարէզի մէջ հերթական անգամ Արցախը պատշաճօրէն ներկայացնելու տեսանկիւնէն։ Միջազգային ասպարէզի մէջ տասնեակէ աւելի մրցանակներու արժանացած արցախցի գրողը կ՝անկեղծանայ. «Մրցանակները ինքնանպատակ չեն՝ գլխաւորը աշխարհին Արցախի մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելն է»: Թէեւ Ա. Բեգլարեանը կը խոստովանի, որ իր գրական թեմային հիմնական ուղղուածութիւնը պատերազմն է, բայց չի սահմանափակուիր միայն ատով։ «Գրողը միշտ պէտք է կատարելագործուի, միշտ պէտք է ձգտի դէպի գեղեցիկը, լաւը, բարին, դէպի Աստուած։ Ատիկա անվերջ գործընթաց է»,- ընգծած է ան՝ տեղեկացնելով, որ շուտով ընթերցողի սեղանին պիտի դնէ «Կորցրած արեւի նարինջը» վէպը՝ Հայրենական մեծ պատերազմի մասին, որուն ընթացքին անհետ կորսուած է իր մեծ հայրը։ Գիրքին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ Արցախեան պատերազմները, որոնց մասնակցած է հեղինակը։ Մեր զրուցակիցին խօսքով՝ իրավիճակէն մեկնած, կը ձգտի նաեւ իբրեւ լրագրող, հրապարախօս, անդրադառնալ ազրպէյճանի ապատեղեկատուութիւններուն եւ փաստերով ներկայացնել միջազգային հանրութեան իրականութիւնը Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ: «Այսօր կը լրանայ Արցախի 120,000 բնակչութեան հանդէպ իրականացուող յանցագործութեան 100-րդ օրը։ Տարբեր մտացածին պատճառներով ազրպէյճանը ահաբեկչական գործողութիւններ կ՝իրականացնէ Արցախի ժողովուրդին դէմ։ Պարզ են անոր նպատակները՝ ցեղական զտում, հերթական ոճրագործութիւն հայերու դէմ: ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ կատարէ Միջազգային դատարանի որոշումը Բերձորի միջանցքի՝ «կեանքի ճանապարհ»-ին վերաբերեալ եւ նստի իրական բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»,- եզրափակած է արձակագիրը։