Արցախի Հանրապետութեան Շրջափակման 100-րդ Օրուան Հետ Կապուած Ջաւախքի Պատանեկան Միութիւնը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած է Ախալքալաքի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման 100-րդ օրուան հետ կապուած Ջաւախքի պատանեկան միութիւնը բողոքի ցոյց իրականացուցած է Ախալքալաքի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

«Արդէն 100 օր է, որ ազրպէյճանի կեղծ բնապահպաններուն կողմէ Արցախը կը գտնուի շրջափակման մեջ: 100 օր փակ է կենսական մեծ նշանակութիւն ունեցող Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ՝իրականացուին զօրակցական հաւաքներ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան: Ջաւախքի մէջ նոյնպէս կ՝իրականացուի զօրակցական հաւաք Արցախի շրջափակման 100 օրուան հետ կապուած»,- նշուած է միութեան յայտարարութեան մէջ: