ազրպէյճանցիները ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքէն Առեւանգած են Խնձորեսկի Բնակիչ Մը՝ Զինուորին Ճաշ Տանելու Ընթացքին

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտ 21-ի կէսօրուան ժամերուն, Գորիսի Վերիշէնէն դէպի դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, ազրպէյճանցիները ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն առեւանգած են Խնձորեսկի բնակիչ Մ. Գիւլնաբարեանը, որ դիրքեր կը բարձրանար ՀԱՅ զինուորներուն ճաշ տանելու: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած էր
«Ազգային Վերահսկողութեան Համակարգ» ՀԿ նախագահ Արթուր Գրիգորեան։

«Մօտ մէկ ժամ առաջ Գորիսի Վերիշէնէն դէպի դիրքեր բարձրանալու ընթացքին ազրպէյճանցիները ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն առեւանգած են Խնձորեսկի բնակիչ Մ. Գիւլնաբարեանը, որ հայ զինուորներուն ճաշ կը տանէր»,- գրած է Արթուր Գրիգորեան:

Աւելի ուշ՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց հետեւեալը․

«Մարտ 21-ին, ժամը 12:20-ի սահմաններուն, ՀՀ ԶՈՒ զինծառայող Մ. Գ.-ն, մարտական հենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու պահուն, վատ տեսանելիութեան եւ մառախուղի պատճառով՝ նախնական տուեալներով մոլորուած է ու մեքենայով յայտնուած ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք։

«Անմիջապէս մեկնարկած են որոնողափրկարարական աշխատանքներ, քայլեր կը ձեռնարկուին զինծառայողի՝ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ յայտնուիլը հաստատելու եւ զինք վերադարձնելու ուղղութեամբ»։