Օգ­նու­թեան Ձեռք՝ ­Սու­րիոյ Մեր Հայ­րե­նա­կից­նե­րուն

Uncategorized

Սի­րե­լի
հայ­րե­նա­կից­ներ

­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը դրա­մա­հա­ւա­քի կը ձեռ­նար­կէ եւ կը դի­մէ ձե­զի, որ­պէս­զի միաս­նա­բար թի­կունք կանգ­նինք եւ կա­րե­նանք օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րել ­Սու­րիոյ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն՝ թեաթեւց­նե­լու հա­մար ի­րենց ցա­ւը, մեր նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ:

­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ

­Փետ­րո­ւար 6-ին ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը հա­րո­ւա­ծած 7,8 ուժգ­նու­թեամբ ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժը ա­ղե­տա­լի հետ­ևանք­ներ ու­նի նաև ­Սու­րիոյ վրայ, պատ­ճառ դառ­նա­լով հա­զա­րա­ւոր զո­հե­րու եւ ­վի­րա­ւոր­նե­րու ու փուլ տա­լով բազ­մաբ­նակ շէն­քեր:

­Տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մին ստեղ­ծած բազ­մա­թիւ տագ­նապ­նե­րը դի­մագ­րա­ւող
­Սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը կրկին կը մատ­նո­ւի նոր սար­սա­փի եւ ա­նո­րո­շու­թեան եւ ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րու դէմ հան­դի­ման կը գտնո­ւի: Վ­նա­սո­ւած են բնա­կա­րան­ներ, գոր­ծա­տե­ղի­ներ, ինք­նա­շարժ­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ դպրոց­ներ։ ­Ցա­ւով կ՛ար­ձա­նագ­րենք որ կան հայ զո­հեր:

Ար­դէն իսկ անց­նող օ­րե­րուն ­Հա­լէ­պի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, ազ­գա­յին կեդ­րոն­նե­րուն եւ ­Ճե­մա­րա­նին ու դպրո­ցա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րուն մէջ ա­պաս­տան գտած են հա­յոր­դի­ներ: Ս­նուն­դի մա­տա­կա­րա­րու­մը եւ օգ­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կը կա­տա­րեն ա­կում­բի կա­մա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։

­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս կոչ կ­՛ու­ղէ Հ.Օ.Մ.ի աշ­խար­հաս­փիւռ միա­ւոր­նե­րուն եւ բո­լո՛ր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ան­մի­ջա­պէս օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նե­լու ծանր երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն: Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը ար­դէն իսկ իր ա­ռա­ջին նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւ­նը ու­ղար­կած է վնա­սո­ւած շրջա­նին:

­Մար­դա­սի­րա­կան այս նպա­տա­կին հա­մար, ձեր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կրնաք կա­տա­րել ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի դրա­մա­տան հա­շի­ւին՝

Εθνική Τράπεζα
GR1801101840000018429600283
Δικαιούχος Αρμενικός Κυανούς Σταυρός
«ΣΕΙΣΜΟΣ ΣΥΡΙΑ» նշու­մով
­
Կա­րե­լի է նաեւ ու­ղա­կի յանձ­նել ձեր
նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան գու­մա­րը
Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան:

­Կաս­կած չկայ, որ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը պի­տի յաղ­թա­հա­րէ այս փոր­ձու­թիւ­նը եւս ո­րով­հե­տեւ մի­նակ պի­տի չըլ­լայ:

­Ձեռք ձեռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­քին։

­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի
Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թիւն
Ա­թէնք