Անընդունելի է Պառակտողական Օրակարգերու, Լղոզուած Ձեւակերպումներու Բարձրաձայնումը. Ռուբէն Վարդանեան

Հայաստան

Արցախը հիմա կանգնած է չափազանց լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ, ու մենք այլ ճանապարհ չունինք, քան անոնց արժանապատուօրէն դիմակայելը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան:

«Այս բարդ իրավիճակին մէջ անընդունելի կը համարեմ պառակտողական օրակարգերու, տարբեր լղոզուած ձեւակերպումներու բարձրաձայնումը, որովհետեւ աւելի քան համոզուած եմ, որ մենք կրնանք, մենք ի վիճակի ենք, մենք բաւարար ուժ ունինք պահպանելու Արցախը, մեր սերունդներուն փոխանցելու անվտանգ, ազատ, արժանապատիւ, հայկական Արցախ:

Առաջնորդներու խնդիրը պէտք է ըլլայ ժողովուրդը համախմբել գաղափարի ու մեր միակ նպատակի շուրջ, ոգեշնչել, սեփական ուժերու նկատմամբ հաւատք ու վստահութիւն ներշնչել, քանի որ դժուար է յաղթել այն ժողովուրդը, որ կը դիմակայէ ոգիով ու կամքով: Ու այդ ոգին ու կամքն էր, որ մեր տղաները մղեց արժանի հակահարուած տալու Մարտ 5-ին ազրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւններուն:

Երէկ լրացաւ մեր ինկած տղաներուն մահուան 7-րդ օրը: Ես կը սգամ անոնց կորուստը, բայց կը կարծեմ, որ անոնց հոգեհանգիստի ու յուղարկաւորութեան ժամանակ պէտք է գերակայէին ոչ թէ ընկճուածութեան ու սուգի, այլ՝ միաւորուելու ու կուռ բռունցք դառնալու տրամադրութիւնները: Անոնք մեզմէ այդ պիտի պահանջէին:

Մենք բաւարար չափով չգնահատեցինք, մեր յարգանքն ու երախտագիութիւնը չյայտնեցինք մեր այն կենդանի հերոսներուն, որոնք արագ կերպով արձագանգեցին ազրպէյճանական ահաբեկչութեան, կանգնեցան ոստիկանութեան տղաներու թիկունքին ու արժանի հակահարուած տուին հակառակորդին՝ իրենց այդ արարքով ցոյց տալով, թէ ինչպէս պէտք է դրսեւորենք մեզ:

Մենք չգնահատեցինք նաեւ ռուս խաղաղապահներուն գործողութիւնները, որոնք առաջին օգնութիւն ցուցաբերած էին մեր տղաներուն ու դադրեցուցած կրակը, ճշգրիտ տեղեկատուութիւն հաղորդած էին իրադարձութիւններուն մասին, որ այս իրավիճակին մէջ չափազանց կարեւոր էր: Փոխարէնը անոնք անգամ հակառուսական շարժումներու թիրախ դարձան:

Գաղափարը, կամքն ու ոգին շատ աւելի զօրեղ են, քան ցանկացած զէնք ու սպառնալիք»։