ՀՀ Նկարիչներու Միութեան Տան Մէջ Բացուեցաւ «Գարնանային Սալոն»․ (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ Նկարիչներու միութեան տան մէջ բացուեցաւ «Գարնանային սալոն 2023» ցուցահանդէսը՝ հետաքրքրական կտաւներով ու նոր ըսելիքով։ Միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ միութեան երեք յարկերուն մէջ ներկայացուած են 300-է աւելի աշխատանքներ։

«2019 թուականէն կ՝իրականացնենք աշնանային սալոն, գարնանային սալոն։ Աշնանային սալոնէն մինչ օրս անցած է քիչ ժամանակ, զարմանալի է ու գովելի, որ մեր արուեստագէտները կրցած են հանդէս գալ նոր աշխատանքներով»,- նշեց ան։

Սուրէն Սաֆարեան ըսաւ, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, միանշանակ, չեն կրնար չանդրադառնալ արուեստագէտներուն վրայ եւ այսօր ներկայացուած աշխատանքներուն մէջ այցելուները կը տեսնեն անոնց անդրադարձը։

«Նկարիչները միշտ միտուած են դէպի բարութիւն, դէպի սէր եւ այդ ամէնը կ՝արտացոլուի իրենց աշխատանքներուն մէջ»,- նշեց Նկարիչներու միութեան նախագահը։

Միութեան փոխնախագահ, նկարիչ Լեւոն Աբրահամեան, իր հերթին ըսաւ, որ այս սալոնը կը տարբերի նոր ըսելիքով ու թարմ աշխատանքներով, հեղինակներով։

Անոր ներկայացմամբ, արուեստագէտները հանդէս կու գան իւրովի ու շատ իւրայատուկ, ամէն մէկը իր ըսելիքով կ՝առանձնանայ։

Ան նշեց, որ շատ երիտասարդ արուեստագէտներ կ՝անդամակցին միութեան, քանի որ Նկարիչներու միութիւնը մասնագիտական հարթակ է ներկայանալու, ցուցադրուելու, տաբեր ցուցահանդէսներու մէջ ընդգրկուելու համար, բացի այդ՝ միջազգային ասպարէզի մէջ ցուցադրուելու տարբեր առաջարկներ կ՝ըլլան։

Լ. Աբրահամեան՝ խօսելով իր արուեստին մասին՝ նշեց, որ կ՝անդրադառայ  այսօրուան թեմաներուն, իրադարձութիւններուն, այսօրուան մտորումներուն։

«Կ՝ուզեմ դիտորդին հասցնել այն, ինչ ես կը զգամ, հետս կը կատարուի։ Ատիկա կրնայ ըլլալ ճանապարհ դէպի լոյս, փնտռումներ։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․