Թրքական «Խաղաղասիրութիւն»․ Կարօ Մանճիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սիրելի ընթերցողը քաջատեղեակ է, որ մեր դարաւոր թշնամին հարեւանն է մեր հայրենիքներուն` Հայաստանին եւ Սուրիոյ:

Քեսապ հայաւանը` ծննդավայրս ու բնակավայրս, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան ծայրամասին, Միջերկրական ծովուն ափերուն կը գտնուի, կպած է Թուրքիոյ սահմանագիծին:

Այդ սահմանագիծը իր երեք կողմերով աքցանի մը մէջ առած է կարծես Քեսապը: Սահմանագիծը, Թուրքիոյ բռնագրաւած (1937-ին) Ալեքսանտրեթ նահանգին (այժմ` Հաթայ) սահմանագիծն է:

Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ կը գտնուի հերոսական Մուսա Լեռը, որուն գիւղերէն միայն Վագըֆն է, որ կը շարունակէ հայերով բնակուիլ:

Մուսա Լեռը, Սուէտիա եւ Անտիոք քաղաքները, ինչպէս նաեւ Կասիոս լեռը այդ թուականէն սկսեալ անցած են Թուրքիոյ իշխանութեան տակ, նուէր տրուած են անոր, Սուրիան «հոգատարութեան» տակ առած «ասպետական Ֆրանսայի» իշխանութիւններուն կողմէ:

Հարաւային ազատ կողմի վրայով, երկու ճանապարհով Քեսապ կապուած է նահանգին (Լաթաքիոյ) քաղաքամայր նոյնանուն` Լաթաքիոյ քաղաքին: Մին կ՛անցնի Սուրիա-Թուրքիա Քեսապի մաքսատան մօտէն (5 քմ Քեսապէն), Տուզաղաճ գիւղին միջոցով (15-20 տուն խառն բնակչութեամբ), իսկ միւսը` Էքիզոլուխ գիւղին միջոցով, դէպի ծովափնեայ Պասիթ շրջանը, ուր կան թիւրքմէններով բնակուած քանի մը գիւղակներ: Այս երկրորդ ճանապարհը Քեսապի` 2014-ին ահաբեկիչներուն կողմէ բռնագրաւման ժամանակ փրկութեան միակ ճամբան հանդիսացաւ, մինչ միւս ճանապարհը (որուն վրայ եւս կայ թիւրքմէններով բնակուած գիւղ մը), արդէն 2013-ին խափանուած ու փակուած էր ահաբեկիչներուն կողմէ:

Այստեղ մէջբերեմ, որ Քեսապի վարչական սահմանագիծէն անդին` մօտակայ Պայըրի գաւառակի` դէպի Հալէպ կողմնակի ճանապարհին վրայ գտնուող գիւղերու բնակիչները մեծամասնաբար թիւրքմէններ են:

Այս բնակչութեան մէկ մասը խոյս տուաւ դէպի Լաթաքիա, իսկ մեծ մասը անցաւ Թուրքիա` «Աւետեաց երկիրը», ուր իրենց խոստացած էին ազատութիւն եւ հուրի-փերիներ…

Թիւրքմէնները կը գրաւէին Օսմանեան կայսրութեան թրքախօս ցեղախումբերուն ամէնէն ստորին տեղը, ռայաներ էին, եւ օսմանեան պետութիւնը զանոնք վերաբնակեցուցած էր վերոյիշեալ եւ այլ վայրերու մէջ (Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն):

Վերոյիշեալները կը վայելէին Սուրիոյ քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները:

Քեսապահայութիւնը որեւէ դաւանական թէ ցեղային հարցեր չէ ունեցած սուրիացի թիւրքմէններուն հետ 1920 թուականէն ի վեր:

Վերադառնալով Քեսապ` նշեմ, որ Քեսապի հիւսիս-արեւմտեան ծայրամասի Գարատուրան գիւղի հովիտը կը հասնի Միջերկրական ծով, իսկ ծովուն միացման վայրէն անմիջապէս յետոյ թրքական սահմանն է:

Այնտեղի Ծովու թաղը, նախքան դէպի Հայաստան ներգաղթը` 1947-ին, ունեցած է մօտ 40 տուն բնակիչ, իսկ այժմ միայն 5 տուն բնակչութիւն` մօտ 20 հոգի: Այնտեղ կայ Ս. Ստեփանոս փոքրիկ եկեղեցին ու նորակառոյց «Սարօ» ճաշարանը:

Ծովու թաղէն էր տէր Պետրոսը (Պապուճեա՞ն), որուն մասին կը պատմեն, որ` գրաբար Ս. Աւետարանը մտովին թարգմանելով` Քեսապի բառբարով կը մատուցէր ժողովուրդին:

Քեսապ աւանին գլխուն բազմած է Կասիոս լեռը` բռնագրաւուած, անոր լանջերով կ՛անցնի հազիւ 1 քմ հեռաւորութեան սահմանագիծը:

Նոյնպէս Սեւ աղբիւր գիւղէն հազիւ 1-2 քմ հեռու է սահմանագիծը:

Քեսապի 25 քմ սահմանագիծը այսօր սահմանազատուած է թուրքերուն կողմէ կառուցուած 3 մեթր բարձրութեամբ «վախի եւ ամօթի» պատով մը, որուն վրայ փռուած են փշալարեր: Այս պատը Գարատուրանէն սկսած կը հասնի մինչեւ հեռաւոր արեւելք` Իրաքի սահմանը, մօտ` 750 քմ: Այդ պատին ետեւը բացուած է լայն ճանապարհ մը, զինուորական ճանապարհ մը:

Պատին կառուցումը տեւեց մօտ երկու տարի:

Գարատուրանէն սկսելով, անցնելով ամայացած-հայաթափուած Պաշուրտ գիւղին մօտով, Կասիոսի տակէն երկարելով մինչեւ Սեւ աղբիւր գիւղը` պատը կ՛անցնի լեռնային հրաբխային ժայռերու մէջէն: Ուրեմն թուրքերը, երկու տարի շարունակ, ամէն ուրբաթ օր պայթուցիկներով քայքայեցին ժայռերը, որոնց բեկորները, բարձրացած ծուխն ու փոշին կը հասնէին Քեսապ:

Կարծես ահաբեկիչներուն մերթ ընդ մերթ արձակած հրթիռներուն պայթումները անբաւարար էին:

Սահմանագիծին երկայնքին ակներեւ կը տեսնուին հինգ, գուցէ աւելի ռազմակայան-զօրանոցներ, որոնք, բացի մէկէն, կառուցուեցան Սուրիոյ 12-ամեայ տագնապի օրերուն:

Միագագաթ Կասիոսը այսօր դարձած է բազմագագաթ` հողի մեծածաւալ տեղափոխութեան պատճառով:

Թէ ի՛նչ կը պարունակեն եւ ինչի՛ պիտի ծառայեն այդ ռազմակայանները, ոչ ոք գիտէ: Ի՛նչ ռազմանօթներ ու սարքեր կան այնտեղ, ելեկտրոնային կազմածները թէ այլ, միայն կրնանք երեւակայել: Սակայն մէկ բան միայն քաջ գիտենք` խաղաղութեան համար չեն կառուցուած անոնք: Գուցէ` «թրքական իւրայատուկ խաղաղութեան» մը համար:

2014-ին Քեսապի բռնագրաւման համար խուժած ահաբեկիչները Քեսապ սողացին եւ հոսեցան այդ ռազմակայաններուն մօտէն ու տակէն:

Անոնք մեզի համար «խաղաղութեան աղաւնիներ» կը բերէին գուցէ:

Աւելի կանուխ, 1980-ական թուականներուն, երբ տեղի ունեցաւ զօր. Քենաան Էւրենի զինուորական յեղաշրջումը, Թուրքիոյ բանակայիններն ու ոստիկանութիւնը կը սպառնային ոչ միայն Քեսապին, այլ նաեւ` Սուրիոյ:

Եւ այդ սպառնալիքը չվերացաւ, երբ իշխանութիւնը յանձնուեցաւ քաղաքայիններուն:

Այսպէս, վարչապետ Թանսու Չիլլերի օրով փորձ կատարուեցաւ անկայունացնել Սուրիոյ ներսը:

Օգտագործելով Սուրիոյ թիւրքմէնները` փորձ կատարուեցաւ խլրտումներ իրագործել, ու կը յիշեմ, որ լարուած ականներ պայթեցուցին Լաթաքիոյ մէջ: Տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ, քողազերծուեցաւ դաւադրութիւնը:

Աւելի ուշ, քրտական ազատագրական շարժումները պատրուակ օգտագործելով, թուրքերը զինուորական կուտակումներ իրագործեցին սահմանին վրայ, ու ներխուժում մը կանխելու համար Եգիպտոսի օրուան նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը, Դամասկոսէն անցնելով, գնաց Անգարա ու ականազերծեց հաւանական պատերազմ մը:

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները, ի բաց առեալ 2001-2011 տարիներուն, ոչ մէկ ժամանակ ջերմ ու բարեկամական եղած են, մանաւանդ` 1950-ական թուականներուն, երբ կազմուեցաւ Պաղտատի ուխտը, որուն առանցքային դերակատարութիւնը յանձնուած էր Թուրքիոյ` բացի անոր կարեւոր դերակատարութենէն Ատլանտեան ուխտի կազմակերպութեան մէջ (ՕԹԱՆ):

Մերօրեայ էրտողանեան Թուրքիան, որ կը մնայ Ատլանտեան ուխտի կազմակերպութեան երկրորդ մեծագոյն բանակը ունեցող երկիրը, որդեգրելէ ետք քաղաքական իսլամութեան դիմակը, կը մաքառի վերականգնելու Օսմանեան կայսրութիւնը եւ դառնալով տարածաշրջանային կարեւոր ուժ իր սեփականութիւնը կը սեպէ Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային նահանգները. գուցէ վաղը` այդ երկիրներու լրիւ տարածքները:

Դրացի երկիրներու տարածքները իւրացնելու բովանդակութեամբ, յաճախակի դարձած են Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւին պատկանող պատասխանատուներու բացայայտումներն ու յայտարարութիւնները` քողազերծելով իշխանութեան իսկական դիմագիծն ու ձգտումները:

Նախապէս քանիցս արձանագրած ենք, որ Թուրքիոյ իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, հին ու նոր կազմակերպուած, կը դաւանին մէկ հասարակական յայտարար, որ կը կոչուի «Թուրքիոյ ազգային ուխտ». անոնք այնտեղ տարակարծիք չեն բնաւ. վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, վերցնելով այդ ճամբուն վրայ գտնուող որեւէ արգելք` ազգային, պետական, մարդկային, ցեղային, կրօնական… եւ այլն: Այդ կը դաւանին ծայրագոյն աջին թէ ձախին բազմած կուսակցութիւնները (բացի մէկ քրտամէտ նորելուկ կուսակցութենէ):

Ահաբեկչութեան վերացման պատրուակով ան` Թուրքիան, բռնագրաւուած կը պահէ սուրիական երեք նահանգներ (ամբողջական թէ մասնակի ձեւով), իբր թէ երեսուն քմ ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու պատրուակով, մինչ ինքը եղած է ահաբեկչական բազմերանգ ու բազմանուն կառոյցներ ստեղծողը, զինողն ու պաշտպանողը, զանոնք բնակեցնելով ու դիրքաւորելով այդ տարածքներուն վրայ եւ յաճախ անոնցմէ ջոկատներ ուղարկելով Ազրպէյճան` Արցախի դէմ, Լիպիա, Ուքրանիա…

Ասոր հետ միասին ան կը կատարէ փարատոքսային յայտարարութիւններ, որ իբր թէ ջատագով է Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան… ու` այս եւ նման սին յայտարարութիւններ:

Եւ յանկարծ միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցներուն ճամբով իրազեկ կը դառնանք նոր լուրի մը, ըստ որուն, Թուրքիան նախաձեռնած է Արարատ լերան վրայ 2100 մեթր բարձրութեան վրայ ռազմակայաններու կառուցման` իբր թէ ահաբեկչութիւնը կասեցնելու համար:

Գուցէ անոնք կարօտցած ըլլալով իրենց նախահայրերուն բնակավայրը` Կեդրոնական Ասիոյ տափաստանները, Արարատի գագաթէն պիտի տեսնեն այդ վայրերը ու ձգտին հոն հասնելու, թրքախօս երկիրներու վրայով, ուր միակ պատուարն ու արգելքը հանդիսացած են հայկական բնակավայրերը` Հայաստանն ու Արցախը:

Այս մասին, Թուրքիա, յաճախ ձայնակցելով Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւններու զառանցանքներուն, կը յայտարարէ, որ հետամուտ է մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ:

Գուցէ այս «խաղաղութեան հաստատման նպատակներով» անոնք զինուժ, օդանաւեր ու ռազմական կազմածներ, նաեւ Սուրիոյ տագնապի ռազմադաշտերուն վրայ հմտացած ահաբեկիչներ առաքեցին Ազրպէյճան ու ներգործող դարձան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին` նժարը թեքելով Ազրպէյճանին ի նպաստ:

Այս բոլորը` յանուն «խաղաղութեան» ողբերգա-կատակերգութեան «սուրբ» նպատակին… «թրքական խաղաղութեան»…

Սուրիան օսմանեան լուծը թօթափելէն ի վեր, կը վայելէ «թրքական խաղաղութեան» բարիքները: Ու այդ բարիքներուն զոհաբերած է Ալեքսանտրեթի սանճագը` ֆրանսական կնքահայրութեամբ: Յանուն խաղաղութան բռնագրաւած է Սուրիոյ հիւսիսի մեծ մասը:

Հարց կու տանք (տեսնելու կարողութենէ զրկուածներուն), թէ Թուրքիա «խաղաղութեան» գործընթացը արդեօք այսօր Կովկաս չէ՞ տեղափոխած: «Խաղաղութիւն» պիտի բաշխէ՞ Արցախին ու Հայաստանին:

Խաղաղութեան պատրանք` թրքական «խաղաղութիւն»: Զօրաւորի պարտադրանքի խաղաղութիւն, պարգեւ` պարտուած երկրին, իմա` Հայաստանին ու Արցախին:

100-ամեայ հնութիւն ունեցող երգը ծանօթ է շատերուն (բացի մեր «կոյրերէն ու խուլերէն»).

«Եօթը թիթեղ դեղին ոսկի,

Չենք հաւատար թուրքին խօսքին»:

Կը կարծենք, թէ Հայաստանի մերօրեայ իշխանաւորները չեն լսած այս երգը, անոր ծանօթ չեն: Անոնց երեւի անծանօթ է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրողը եղած է «խաղաղասէր» կամ «խաղաղութեան առաքեալ» Թուրքիան` օսմանեան, քեմալական թէ էրտողանեան:

Ի՞նչ է տարբերութիւնը:

Վա՜յ եմ ըսեր քեզի, հայութիւն:

Քեսապ, 20 յունուար 2023