Կանգնեցուցէք Այս Ահաբեկչութիւնը. Հայ Կանանց Ցոյցը ԵՄ Գրասենեակին Դիմաց (տեսանիւթ, նկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանի մէջ կանայք կը միանան արցախցի մայրերու կոչին, որ ուղղուած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուսուլա ֆոն տեր Լեյէնին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՆՅՆ-ը կը տեղեկանայ Panorama.am-էն։

Արցախցի մայրերը եւրոպացի ազդեցիկ գործիչին՝ 7 երեխաներու մօրը կոչ ըրած են իր նպաստը ունենալու Արցախի ահաբեկչութիւնը դադրեցնելուն, մարդկայնական ճգնաժամը լուծելու հարցերուն մէջ։

Ի նշան արցախցի կանանց արդար պահանջին ու համերաշխութեան՝ խումբ մը կանայք նախաձեռնած են խաղաղ ցոյց Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան դիմաց։

«Ասիկա միասնութեան ու համերաշխութեան նախաձեռնութիւն է։ Մենք այստեղ ենք՝ արցախցի կանանց նամակը մեր ձեռքով յանձնելու ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորինին եւ խնդրելու, որ նամակը յանձնէ Եւրոյանձնաժողովի նախագահին՝ արցախցի մայրերուն ձայնը լսելի դարձնելու համար։ Արցախցի երեխաները յիսուն օրէն աւելի է, որ մատնուած են սովի, ցուրտի, զրկուած են դպրոցէն ու մանկապարտէզէն։ Կանգնեցուցէք այս ահաբեկչութիւնը, թոյլ մի տաք ազրպէյճանին գերի պահելու 30 հազար երեխաներ, մի դառնաք ազրպէյճանի յանցակիցը»,- ըսած է ցոյցի մասնակիցներէն Արաքսեայ Գրիգորեանը՝ բարձրախօսով դիմելով ԵՄ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն։

Նախաձեռնող անդամներէն մէկը Եւրոյանձնաժողովի նախագահին ուղղուած նամակը ընթերցած է անգլերէնով, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.

«Մենք սովամահ կ՝ըլլանք ու կը սառինք ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։ Մենք շրջափակման մէջ ենք ազրպէյճանի կողմէ, որ կը գողնայ մեր կազն ու ելեկտրականութիւնը։ Ասիկա պարզապէս ուժանիւթի ահաբեկչութիւն է։

Մենք կրնանք շատ բանի դիմանալ յանուն մեր երեխաներուն, բայց մեզի շտապ օգնութիւն պէտք է եւ ձայն։ Մենք թոյլ չենք տար, որ մեր երեխաները լուռ սպաննեն։

Կը գրենք ձեզի իբրեւ աշխարհի ամենահզօր կին, բայց նաեւ իբրեւ մայր, որ կը սիրէ իր եօթը երեխաները եւ խորապէս կը փայփայէ իր թանկագին ընտանիքը: Մեր սրտի խորքէն կը յորդորենք ձեզի կանգնելու արցախցի կանանց ու երեխաներու կողքին եւ ընելու ամէն ինչ, որպէսզի ազրպէյճանը չշարունակէ իր դաժան շրջափակումը»։