Կարօ Փայլանը Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ Գրաւոր Հարցում Ուղղած է Չաւուշօղլուին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը թուրքիոյ ազգային ժողովի օրակարգ մտցուցած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման հարցը։ Հայ երեսփոխանը թուրքիոյ ԱԳ նախարար մեւլութ չաւուշօղլուին հասցէագրուած գրաւոր հարցապնդում ներկայացուցած է ազգային ժողով: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Bianet-ը։

Նամակին մէջ նշուած է, որ Լաչինի միջանցքը աւելի քան մէկ ամիս փակ կը պահուի իրենց իբրեւ «բնապահպան աքթիվիստ» ներկայացնող ազրպէյճանցիներու խումբի մը եւ ազրպէյճանական անվտանգութեան ուժերուն կողմէ։ Շեշտուած է, որ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամէն օր կը մեծնայ հիմնական օգտագործման պարագաներու, ինչպէս՝ սնունդի ու դեղորայքի, ձեռքբերման ճգնաժամը։ Ըդգծուած է, որ բնական կազի եւ ելեկտրականութեան անջատումներուն պատճառով 120 հազար Լեռնային Ղարաբաղի հայ ծանր ձմեռմային պայմաններուն մէջ մարդկայնական ճգնաժամի առջեւ է։

Այս ծիրէն ներս՝ Փայլանը չաւուշօղլուին յղած է հետեւեալ հարցերը․

1․ Ի՞նչ կ՝ընէք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդկայնական ճգնաժամը լուծելու համար։

2․ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին բացման համար դիւանագիտական ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էք։

3․ Կը գիտակցի՞ք, որ Լաչինի միջանցքին շրջափակումը կը փակէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար առկայ հնարաւորութեան պատուհանը։

4․ թուրքիան, որ կը պարծենայ անոր համար, որ կը ներգրաւուի աշխարհի շատ մարդկայնական խնդիրներուն մէջ, ինչո՞ւ մատը չի շարժեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մէջ գտնուող 120 հազար հայու համար։