Վանայ Լիճի Տարածքին Ուրարտական Շրջանի Գերեզմանոց Յայտնաբերուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի թանգարանի տնօրէն Ֆաթիհ Արաբը եւ տեղի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հնաբանութեան բաժնի ղեկավար, փրոֆէսըր Ռաֆեթ Չաւուշօղլուն՝ տարածաշրջանի պատմական կառոյցներու ամրապնդման ուղղուած աշխատանքներուն ծիրէն ներս՝ հետազօտութիւն իրականացուցած են իբրեւ մշակութային անշարժ ժառանգութիւն արձանագրուած Մադավանքի տարածքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu լրատուականը։

Աշխատանքներուն ընթացքին՝ Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի իջնելուն հետեւանքով՝ յայտնաբերուած է ուրարատական շրջանի գերեզմանոց, որ ունի 3 առանձին սենեակատիպ հատուած։ 

Հետազօտողներէն Չաւուշօղլուն նշած է, որ ուրարտական շրջանին յատուկ դասական գերեզմանոց է, ուր մէջտեղի սենեակը համեմատաբար մեծ է, իսկ կողքի սենեակները փոքր: Գերեզմանի պատին վրայ յայտնաբերուած է 3 բացուածք, որ նախատեսուած եղած է նուէրներու համար:

Հնաբանները նշած են, որ առաջին անգամ ըլլալով նմանատիպ գերեզմանոց կը պեղեն։