Լաւրովը ազրպէյճանի ԱԳ Նախարարին Կոչ Ըրած Է Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրովը, Յունուար 17-ին, ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին ընդգծած է Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան արագ ամբողջական ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը։

«Ռուսական կողմը ընդգծած է Լաչինի միջանցքին երկայնքով երթեւեկութեան շուտափոյթ ամբողջական ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ բարձր մակարդակի յայտարարութեան մէջ նշուած կէտերուն համաձայն»,- նշուած է ՌԴ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Ընդգծուած է նաեւ յարակից բոլոր հարցերուն շուրջ փոխադարձ ընդունելի որոշումներու կայացման կարեւորութիւնը՝ Ռուսիոյ, ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու համաձայնութիւններուն հիման վրայ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առանցքային ուղիներու վրայ համապարփակ աշխատանքը վերսկսելու համար։

Ռուսիոյ դիւանագիտական ​​առաքելութիւնը նաեւ նշած է, որ նախարարները քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր։