Տիարպեքիրի Եկեղեցիներուն Մէջ Ս․ Ծննդեան Պատարագներուն Քիւրտեր Ալ Մասնակցած են

Աշխարհ, Էրկիր

Տիարպեքիրի մէջ քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը նշած են մեծ խանդավառութեամբ՝ քրտերեն հոգեւոր երգերու ուղեկցութեամբ։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած են քրտական լրատուամիջոցները։

Տիարպեքիրցի ասորիները Սուրբ Ծնունդը տօնած են տեղի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին ասորական եկեղեցիին մէջ։ Ասորիներու մեթրոփոլիտը պատարագի ընթացքին աղօթած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար։

Քրտական Rûdaw հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ընթացքին՝ ասորիներու մեթրոփոլիտ Սալիպա Օզմենը մասնաւորապէս նշած է․ «Ըլլայ այստեղ, Իրաքի մէջ թէ Սուրիոյ՝ կը մաղթենք, որ պատերազմները դադրին Թուրքիոյ եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Թող այս տօնը խաղաղութիւն բերէ»։

Ուշագրաւ է, որ Տիարպեքիրի մէջ Սուրբ Ծննդեան պատարագին մասնակցած են ոչ միայն քրիստոնեաներ, այլ նաեւ՝ իսլամ քիւրտեր։ Անշուշտ, այստեղ կան նաեւ քրիստոնէութիւն ընդունած քիւրտեր։ Քրիստոնէութիւն ընդունածները կը հաւաքուին բողոքական եկեղեցւոյ շուրջ, քանի որ ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիները չեն ընդունին յետագային քրիստոնէութիւն ընդունածները։

Տիարպեքիրի բողոքական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ահմէտ Կիւվեները քրիստոնէութիւն ընդունած քիւրտ է։ Rûdaw հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ընթացքին ան յայտնած է, որ վերջին շրջանին քիւրդ այցելուներուն թիւը
եկեղեցի աճած է։ Պատարագի մասնակից նման քիւրտերէն մէկը՝ Մինասը, նշած է․ «Ես քիւրտ եմ։ Թող աշխարհի բոլոր մարդիկ սիրեն զիրար»։

Քանի որ այստեղի բողոքական համայնքին մեծ մասը բաղկացած է քիւրտերէ, Տիարպեքիրի բողոքական եկեղեցւոյ մէջ պատարագին մէկ մասը կը մատուցուի քրտերէնով։ Քրտերէն հոգեւոր երգեր կը ներկայացուին։ Եկեղեցւոյ պատերուն փակցուած գրութիւնները եւս քրտերէն են։

https://www.rudaw.net/turkish/middleeast/turkey/261220227

Թարգմանեց Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը