ՄԱԿ-ը Երեւանին եւ Պաքուին Կոչ Ըրած է Երկխօսութեան Միջոցով Լուծելու Լաչինի Միջանցքին Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը կոչ ըրած է Լաչինի միջանցքին հարցը լուծելու երկխօսութեան միջոցով:

«Մենք Հայաստանին եւ ազրպէյճանին կոչ կ՝ընենք չլուծուած հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով, շտապ ապահովելու ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը, պաշտպանելու մարդու իրաւունքները եւ խուսափելու քաղաքացիական բնակչութեան վրայ անբարենպաստ մարդկայնական ազդեցութենէն»,- նշուած է կազմակերպութեան Twitter-ի էջին մէջ։