Կարմիր Խաչի Միջնորդութեամբ Արցախ Հասցուած Դեղորայքը Ընդամէնը 10 Օր Կը Բաւարարէ

Աշխարհ, Հայաստան

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ Արցախ հասցուած դեղորայքը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջարկը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Առողջապահութեան նախարարութիւնը։

«Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ Դեկտեմբեր 25-ին 10 թոն մարդկայնական բեռ՝ դեղորայք, մանկական ուտելիք, բուժօգնութեան համար նախատեսուած պարագաներ, հասցուած է Արցախ։ Դեղորայքը պիտի բաշխուի Հանրապետութեան բուժհաստատութիւններուն՝ բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը»:

Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Կարմի Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։