Լիբանանի Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` Ս. Ծննդեան «Weihnachtsfarben – Ծննդեան գոյներ» խորագիրը կրող համերգով, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի եւ Ալեքս Սուսանիի: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԶԴԱԿ»-էն։

Մեծաթիւ երաժշտասէր բազմութեան կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին` երեք յարանուանութեան ներկայացուցիչները, պետական երեսփոխաններ, դեսպաններ, նախկին նախարարներ,  դեսպանատուներու կցորդներ, հայ եւ օտար պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը անգլերէնով արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Ծննդեան տօնը կախարդութիւն կը բուրէ մեր կեանքերուն մէջ` հակառակ մեր ապրած դժուարութիւններուն, աւելցնելով, որ Ս. Ծնունդը ինքնին հրաշք է, որ իրեն հետ կը բերէ յոյս, խաղաղութիւն, ջերմութիւն, սէր եւ լոյս` մեր մութ օրերուն, զորս ապրեցանք Լիբանանի մէջ անցնող երեք տարուան ընթացքին, սակայն գիտենք, որ մթութեան ժամանակ կրնանք մոմ մը վառել` մեր աչքերը եւ սիրտերը բանալով Աստուծոյ, լաւ կամ վատ օրերուն: Ան յորդորեց ներկաները չվախնալու մթութենէն, անարդարութենէն եւ չարութենէն, այլ` ոտքի կանգնիլ ինքնավստահութեամբ, յոյսով եւ քայլ առնելով, որ վստահաբար փոփոխութիւն պիտի բերէ մեր խանգարուած աշխարհին, նաեւ հանգստութիւն եւ դարման` մեր պայքարող քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Շարունակելով իր խօսքը` դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան ըսաւ, որ Լիբանանի Համազգայինը ականատես եղաւ շատ մը հրաշքներու անցնող երեք անհաճոյ եւ մութ տարիներու ընթացքին, ինչպէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ անոր պատճառած ահաւոր վնասները զոյգ մշակութային կեդրոններուն մէջ, տնտեսական դժուարութիւնները, զորս տակաւին կը դիմագրաւենք, մեծ ծախսերը եւ այլն: Ան աւելցուց, որ ներկայիս Համազգայինը ունի շուրջ 700 աշակերտ, ամբողջովին նորոգուած են զոյգ կեդրոնները, կան շուրջ 150 կամաւորներ եւ աւելի քան 700 անդամներ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին մէջ: Ք. Արզումանեան-Ղազարեան շեշտեց, որ Լիբանանի Համազգայինը եղած է յոյսի ջահ, նաեւ ներշնչման աղբիւր` աշխարհի եւ 25 երկիրներու մէջ գտնուող Համազգայինի կեդրոններուն, մնալով իրենց բաբախող սիրտը` որպէս իրենց հիմնական կեդրոնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Համազգային հայ մշակութային եւ ընկերակցութեան նպատակը 1931-էն ի վեր եղած է ոչ միայն նուագը, արուեստը, պարը, հայկական ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը պահպանել եւ սփռել, այլ նաեւ` հաստատել մտերիմ կապեր եւ մշակութային փոխանակումներ երկրագունդի տարածքին տարբեր երկիրներու հետ, աւելցնելով, որ Համազգայինը Լիբանանի մէջ ունի եօթը գեղարուեստի դպրոցներ, որոնք կը գործեն  արուեստը մատչելի դարձնելու բոլորին:

Անդրադառնալով «Գուսան» երգչախումբին` ան ըսաւ, որ երգչախումբը հիմնուած է 1800-ական թուականներուն Կոմիտաս վարդապետին կողմէ, երբ ան աւարտած է երաժշտագիտական դասընթացքը Պերլինի համալսարանին մէջ: Լիբանանի մէջ երգչախումբը կը շարունակէ Կոմիտաս վարդապետին առաքելութիւնը 1932-էն ի վեր եւ ներկայիս ունի 55 անդամներ:

Իր խօսքի աւարտին Ք. Արզումանեան-Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ դեսպանատան եւ անձնակազմին, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Պէյրութի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան մշակութային կցորդ Ռիչըրտ վոն Ֆրից (Richard Von Fritz) իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որոնք տրամադրեցին եկեղեցին, մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին եւ երգչախումբին, որոնք իրականացուցին այս համերգը, Համազգային ընկերակցութեան` իր յարատեւ ջանքերուն եւ համերգը իրականութիւն դարձնելու համար: Ան ըսաւ, որ Գերմանիոյ մէջ Ս. Ծննդեան ժամանակաշրջանը շատ յատուկ է, որովհետեւ հարկ է աւարտել տարուան աշխատանքները, վճարել պարտքերը մինչեւ 31 դեկտեմբեր, սակայն այս ժամանակը կը նպաստէ մէկ քայլ ետեւ երթալու, վերյիշելու տարուան ընթացքին պատահածները, որմէ ետք դադար առնելու եւ Նոր տարին դիմաւորելու: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս ժամանակամիջոցին կազմակերպուած է սոյն համերգը:

Ապա «Գուսան» երգչախումբի անդամներէն Աննա Քիրտորֆ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց յայտագիրը` անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:

Այնուհետեւ երգչախումբը հերթաբար մեկնաբանեց «Խորհուրդ մեծ», «Ուրախացի՛ր սրբուհի», որմէ ետք Մարալ Շաննաքեան մեկնաբանեց «Ախալքալաքի աւետիս» երգը, ապա երգչախումբը երգեց Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»-ը, ասորական «Շոպհօ», «Աթինա ռապպի», սոլօ` Ֆատի Պաշխնճի, Կոմիտասի գործերէն` «Այ Սիրուն կաքաւ», «Օհ ինչ քաղցր բան», ապա Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց գերմաներէն Wiegenlied` «Օրօրոցային» երգը, որմէ ետք երգչախումբը մեկնաբանեց ժամանակակից հայ աւետարանական հոգեւոր երգ մը` «Երկինքը մեր աստղազարդ», քլարինեթի վրայ նուագակցութեամբ Լարա Աւետիսեանի, գերմանական պատարագէն «Zum Sanctus: Heilig», գերմանական աւանդական  Ս. Ծնունդի երգ` «Maria Durch», սոլօ` Լարա Աւետիսեան եւ Լիւսի Աւետիսեան, «We Three Kings», սոլօ` Կարէն Գազանճեան, որմէ ետք Սանահին Նալպանտեան եւ Տեսիլ Լոշխաճեան մեկնաբանեցին Սուրբ Ծննդեան նուիրուած «Գիշերն իջաւ» երգը` կիթառի վրայ ընկերակցութեամբ Ալեքս Լեւոնեանի, ապա խումբը անգլերէնով մեկնաբանեց  «Լուռ գիշեր»-ը, իսկ Շողիկ Թորոսեան զուգահեռաբար զայն մեկնաբանեց գերմաներէնով, եւ համերգը հասաւ իր աւարտին «Փառք քեզ Աստուած» երգով, սոլօ` Շողիկ Թորոսեան:

Համերգի աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Գուսան» երգչախումբին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Պէյրութի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան մշակութային կցորդ Ռիչըրտ վոն Ֆրիցի: