«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Սահմանները. Մարտահրաւէրներ եւ Հնարաւորութիւններ»․ ՀՈՒՍԿ-ի Նախաձեռնութեամբ Դասախօսական Երեկոյ

Հայաստան, Սփիւռք

«ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով՝ Թեհրան ժամանած մետիա փորձագէտ եւ վերլուծաբան Նայիրի Հոխիկեանը երեք օրերու ընթացքին հերթական բացատրական հանդիպումներով ու դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ երեք միութիւններու յարկին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԼԻՔ»-ը։

Առաջին դասախօսական հանդիպումը կազմակերպուած էր Դեկտեմբեր 5-ի երեկոյեան, Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան «Արցախ» սրահին մէջ, մեծ թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ: Հիւրը ներկայացուց միութեան վարչութեան նախագահ Սերոժ Օհանեանը եւ հրաւիրեց Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան նախագահ Իսիկ Իւնանէսեանն ու դասախօս Նայիրի Հոխիկեանը:

Իր ելոյթին ընթացքին՝ դասախօսը քարտէզներու միջոցով ներկայացուց հետեւեալ խորագիրին տակ ամփոփուած ելոյթը. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանները. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»: Այս գլուխին տակ՝ դասախօսը համապարփակ գիծերով եւ քարտէզներու միջոցով ու շարք մը փաստերով եւ տուեալներով լսարանը իրազեկեց Հայաստանի շուրջ կատարուող իրադարձութիւններուն, դժուարութիւններուն, վտանգներուն եւ հնարաւորութիւններուն: Ան իր ելոյթի առաջին բաժինով անդրադարձաւ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն, իսկ երկրորդ բաժինով ներկայացուց այն, ինչ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ՝ ներքաղաքական եւ ներքաղաքականէն բխող աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական ոլորտին մէջ ընթացող իրադարձութիւններ՝ որպէսզի լսարանին մօտ պատկերացում ստեղծուի թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: