«Կին» Միջազգային Փառատօն Պիտի Կայանայ Դեկտեմբեր 1-5, ՀԲԸՄ Դահլիճին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

«Կին» միջազգային փառատօնը 19 տարեկան է։ «Այս տարիներուն ընթացքին «Կին»-ը՝ հաւատարիմ մնալով իր գաղափարախօսութեան ու առաքելութեան՝ կը շարունակէ ցուցադրել աշխարհի մէջ ստեղծագործող կին բեմադրիչներու ֆիլմերը Հայաստանի մէջ, կը կազմակերպէ կրթական ծրագրեր եւ կը հանդիսանայ փորձի փոխանակման եւ ինքնարտայայտման խթանման հարթակ»,- կը յայտնեն փառատօնի մամուլի ծառայութենէն։

«Կին» փառատօնի ցուցադրութիւնները պիտի իրականացուին Դեկտեմբեր 1-5, ՀԲԸՄ դահլիճին մէջ։ Բոլոր ցուցադրութիւններուն մուտքը ազատ է։ Ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին բնօրինակ լեզուով, հայերէն թարգմանութեամբ (ականջակալներու միջոցով) եւ անգլերէն ենթագրերով։

Փառատօնի մրցութային եւ հիւրերու ծրագրերով պիտի ներկայացուին 47 ֆիլմ 17 երկրէ։

Դեկտեմբեր 2-ին, Երեւանի «Ռուսական տան» մէջ տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից շարժանկարին մէջ կանանց դերին եւ խնդիրներուն նուիրուած կլոր սեղան։

«Կին» 19-րդ միջազգային փառատօնը իր յետահայեաց ծրագիրը պիտի նուիրէ 20-րդ դարու հանրայայտ ամերիկացի բեմադրիչ եւ խորէոկրաֆ Մայա Տերենին:

Դեկտեմբեր 3-ին, ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Օսգար»-ի 95-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն արտասահմանեան ֆիլմ» անուանակարգի մէջ Հայաստանի պաշտօնական յայտ՝ «Աւրորայի լուսաբացը» (ռեժ.՝ Իննա Սահակեան) վաւերագրական անիմացիոն ֆիլմին ցուցադրութիւնը։

Դեկտեմբեր 4-ին, ժամը 18:00-ին, պիտի ցուցադրուի Նայիրի Հախուերդիի Աւլելով Երեւանը» վաւերագրական ֆիլմը։ Ֆիլմը Մարինա անունով կնոջ փոէթիք դիմանկարն է, որ ամէն գիշեր կ՝անցնի 40 քիլոմեթր` մայրաքաղաք Երեւանի փողոցները աւլելու համար։

Դեկտեմբեր 4-ին, ժամը 19:00-ին, պիտի իրականացուի «Անիմացիայի երեկոյ», որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Ձեռակերտ անիմացիայի տարրալուծարանի իբրեւ արդիւնք ստեղծուած անիմացիոն ֆիլմի շնորհանդէսը, որմէ ետք տարրալուծարանի համադրողներ՝ Եուրա Պոկուսլաւսգին, Ասիա Գիսելեւան եւ Սաշա Չիրգովը պիտի ներկայացնեն «Ցեխ անիմացիա» անիմացիոն ֆիլմերու արուեստանոցի աշխատանքները եւ պիտի վարեն կարճ զրոյց անիմացիայի մասին։

Դեկտեմբեր 5-ին, ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Կին» փառատօնի փակման արարողութիւնը, որուն ընթացքին պիտի շնորհուին մրցանակներ յաղթող ֆիլմերուն։ Արարողութեան պիտի հետեւի 78-րդ Վենետիկի միջազգային փառատօնին «Ոսկէ առիւծ» մրցանակին արժանացած «Իրադարձութիւն» (ռեժ.՝ Օտրի Տիւան) ֆիլմի ցուցադրութիւնը։

Փառատօնի ժիւրիի անդամներն են` Անի Հայկազեան (սենարիստ, Հայաստան), Ելենա Շուվաեւա-Պետրոսեան (գրող, Հայաստան), Եուրի Միխայիլին (շարժանկարի քննադատ, Ռուսիա), Տիանա Մարտիրոսեան (շարժանկարի քննադատ, Հայաստան), Թամարա Յակոբեան (շարժանկարի մասնագէտ, Հայաստան):

Փառատօնի մրցանակներն են՝

«Լաւագոյն ֆիլմ»

«Յատուկ մրցանակ»

Դիպլոմներ

Մրցանակ Երեւանի մէջ «Ռուսական տան» կողմէն