Ներդաշնակութիւն Սեփական Անձի Հետ

Այլեւայլ

Եոկայի (հնդկերէնէ թարգմանուած՝ ներդաշնակութիւն) օգնութեամբ կարելի է ճանչնալ սեփական անձը ե՛ւ ֆիզիքապէս, ե՛ւ հոգեպէս:

Եոկայի մասին նշեալ հետաքրքրական փաստերը կը մղեն ձեզ լրջօրէն մտածելու անով զբաղելու մասին:

• Եոկայով զբաղելով հնարաւոր է սեփական կշիռքը նուազեցնել մինչեւ 30%:
• Եոկան կը բանայ մարմինը, որուն շնորհիւ կը բարձրանայ սեռական աշխուժութիւնը:
• Եոկայով զբաղող մարդիկ ունին սիրտ-անօթային ամուր համակարգ:
• Այս մարզաձեւը չունի տարիքային սահմանափակում եւ չի պահանջեր յատուկ տարածք:
• Եոկայով կանոնաւոր ձեւով զբաղիլը կրնայ երկարացնել կեանքը: Շնորհիւ սահուն, թեթեւ շարժումներու եւ ճիշդ շնչառութեան կ՝ամրանան մկանները, կը դանդաղի զարկերակը, որուն շնորհիւ կ՝ամրապնդուի առողջութիւնը: