Սպանիոյ Առաջին Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Անդրանիկ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Սփիւռք

Կիրակի, Նոյեմբեր 27-ին, Սպանիոյ Պէնալմատէնա քաղաքին մէջ կառուցուած Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան մատուցեց անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Արարողութեան իրենց մասնակցուցիւնը բերին Սպանիոյ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հայրապետական Պատուիրակի փոխանորդ Հոգշ. Շնորհք Աբղ. Սարգսեանն ու Արժ. Թադէոս Ա. Քհնյ. Գէորգեանը։

Պատարագի սկիզբը Խաժակ Սրբազան կատարեց վիմաքարի օծումը, որպէսզի մինչ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ, յառաջիկայ գարնան եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը, կարելի ըլլայ ամիսը երկու անգամ պատարագ մատուցանել։

Սուրբ պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հիմնադիրներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով Պէնալմատէնա, Մալակա, Մարպէլյա եւ Սէվիլիա քաղաքներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայեր։ Մատրիտ քաղաքէն եկած էին նաեւ ՀՀ Սպանիոյ մօտ դեսպան Տիար Սօս Աւետիսեանը։

Իր քարոզին մէջ Խաժակ Սրբազան իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Շնորհքին, Եկեղեցւոյ բարերար եւ եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Տիար Ռաֆայէլ Բատալեանին, նաեւ բոլոր բարերարներուն, հիմնադիրներուն եւ եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն։ Յիշեցնելով ներկաներուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կոչը, ըսելով․ «Ինչպէս 303 թուականին և ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակները կատարեցին իրենց առաքելութիւնը, այսօր ալ մենք պէտք է շարունակենք կառուցել լուսոյ խորաններ, եկեղեցիներ՝ պահելու եւ բազմացնելու համար մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գանձերը»։

Պատարագի վերջաւորութեան եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։