2 Տարի Առաջ Առանց Կրակոցի Թշնամիին Յանձնուեցաւ Անառիկ Քարվաճառը

Հայաստան

«ԵՐԿԻՐ»

1993 թ. Ապրիլ 5-ին, ամբողջ հայ ազգը կը ցնծար. հայկական զինուած ուժերը դուրս եկած էին Օմարի լեռնանցք` այդպիսով ավարտին հասցնելով Արցախի միջնաբերդ Քարվաճառի ազատագրումը: Քարվաճառի ազատագրումը կենսական անհրաժեշտութիւն էր Արցախի հիւսիսի անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Թշնամին Քարվաճառէն դուրս շպրտելու եւ ազրպէյճանական կրակակէտերը լռեցնելու գործողութիւնը ընթացաւ Մարտ 27-Ապրիլ 2:

Քարվաճառի յաղթական ռազմական գործողութիւնը կը ղեկավարէին Գուրգէն Դալիբալթայեանը, Հրաչ Անդրեասեանը (Արեւմտեան ուղղութիւն), Եուրի Խաչատուրովը (Լաչինի ուղղութիւն) եւ Մոնթէ Մելքոնեանը (Մարտակերտի ուղղութիւն):

Քարվաճառի ազատագրումէն ետք սկսաւ հայերու վերադարձը, վերակառուցումը, վերաբնակեցումը. Արցախի միջնաբերդը սկսած էր շնչել: Սփիւռքը, բազմաթիւ գործարարներ կը զբաղէին շրջանի տնտեսական զարգացմամբ: Այսպէս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միայն Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի մէջ` Արցախը Հայաստանին կապող կենսական տարածքներուն, ամենաշատ ներդրումները կատարած էր՝ ենթակառուցուածքներու, հասարակական շինութիւններու կառուցման, հասարակական ապահովութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան, արուեստի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ եւ այլն, բայց…

Ազատագրումէն 27 տարի անց, հայ ազգը այլեւս չէր ցնծար. Քարվաճառը դաւաճանուած էր: Երկու տարի առաջ, այս օրը, 2020 թ. Նոյեմբեր 25-ին, ռազմական գործողութիւններու դադարէն 15 օր անց, Արցախի միջնաբերդը դաւաճանաբար յանձնուեցաւ թշնամիին` առանց որեւէ կրակոցի, յանձնուեցաւ` համաձայն Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած դաւաճանական փաստաթուղթին:

Կապիտուլեանտ Նիկոլ Փաշինեանը դեռ պատերազմի ժամանակ` Հոկտեմբերի վերջը, ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու առաջարկ ստացած էր (Նոյեմբեր 9-ի նման հակահայկական փաստաթուղթ, բայց աւելի մեղմ), սակայն մերժած էր. ըստ այդ առաջարկի`ն Քարվաճառն ու Քաշաթաղը կը մնային Արցախի ՊԲ վերահսկողութեան տակ:

Երբ յայտնի դարձաւ Քարվաճառի յանձնման մասին, Արցախի հիւսիսային, հիւսիսարեւմտեան շրջանը դարձեալ դատապարտուեցաւ հայաթափման: Սկսաւ շրջանէն գաղթը. շրջանը լքելու համար յատկացուած սեղմ ժամկէտները չէին բաւականացներ բնակչութեան, որ` հանեն իրենց շարժական ու անշարժ գոյքը, անասունները, մշակութային նմուշները: Հայրենազրկուած բնակչութեան մէկ մասը հարկադրուած կ՝այրէր այն ամէնը, ինչը չէր կրնար հանել Քարվաճառէն, որպէսզի թշնամին չվայելէ զայն:

Քարվաճառը տասնամեակներ պահող զօրամասերը պայթեցուեցան. զինուորները Նոյեմբեր 24-ին վերջին անգամ կը նկարուէին Քարվաճառի մէջ՝ իբրեւ յուշ երբեմնի անառիկ Քարվաճառը անառիկ պահող զինուորներէն:

Այսօր արդէն Քարվաճառի մէջ կը վխտան թշնամիները, փապուղիներ կը փորեն, ճանապարհներ կը կառուցեն (այսպէս կոչուած՝ ապագայ «միջանցք»-ին համար), եւ որ ամենագլխաւորն է՝ կը սպառնան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան. գրաւուած Քարվաճառէն թշնամին յարձակումներ կ՝իրականացնէ Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի վրայ, կ՝ահաբեկէ հայ խաղաղ բնակչութիւնը, կը գերեվարէ եւ կը սպաննէ զինուորներ:

Քարվաճառի կորուստին վէրքը երբեք պիտի չսպիանայ, Հայաստանը ամէն օր պիտի զգայ Քարվաճառի յանձնման հետեւանքները, պիտի զգայ մինչեւ այն պահը, երբ այնտեղ դարձեալ ծածանուի Հայաստանի դրօշակը, եւ Քարվաճառը մեզ ողջունէ «Քարվաճառը հայոց միջնաբերդն է» ցուցանակով: