Հակառակ Ալիեւի Ռազմատենչ Յայտարարութիւններուն, ԼՂ Հակամարտութիւնը Հանգուցալուծուած Չէ. Լիլիթ Գալստեանի Ելոյթը ԵԱՀԿ ԽՎ-ի Ընթացքին

Աշխարհ, Հայաստան

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի ելոյթը՝ ԵԱՀԿ ԽՎ-ի ընթացքին:

«Սիրելի գործընկերներ,

Այսօր ողջ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումն է, կեանքի եւ մարդկային իրաւունքներու վերականգնումն ու պաշտպանութիւնը։

Սակայն, մարդու իրաւունքները, յարձակումն ու պատերազմը նոյն դէմքն ու հետեւանքները ունին՝ անկախ ազգութենէ, դաւանանքէ եւ աշխարհագրութենէ։

Եւրոպական մայրաքաղաքներէն ոչ այնքան հեռու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդը կ՝ենթարկուի յարձակման, տեղահանման եւ ցեղական զտումներու, սակայն միջազգային կառոյցներու եւ նոյնինքն մեր կազմակերպութեան կողմէ կը շարունակուի կրկնակի չափանիշներու քաղաքականութիւնը։

2020թ. Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծած 44-օրեայ լայնածաւալ պատերազմէն ետք կնքուած եռակողմ յայտարարութենէն ետք ալ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր ռազմատենչ վարքագիծն ու ցեղասպանական նկրտումները։

Հակառակ պայմանագրի նախատեսումներուն, Ազրպէյճանը ազատ չէ արձակած բոլոր հայ ռազմագերիները, միայն այսպէս կոչուած խաղաղ ժամանկահատուածին՝ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերու թիւը կ՝անցնի 180-ը։

Կը շարունակուի Ազրպէյճանի պաշտօնական դէմքերու ռազմատենչ եւ ահաբեկչական հռետորիկան, գրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային վանտալութիւնը։ Այս Սեպտեմբերին՝ խախտելով բոլոր միջազգային չափանիշները՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ներխուժած են Հայաստանի տարածք, գրաւելով ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն 180 քառ քմ։ Յարձակումը ուղեկցուած է սարսափելի յանցագործութիւններով, մարդու իրաւունքներու համատարած խախտումներով եւ բռնութիւններով, որոնք փաստուած են եւ արձանագրուած։

Մենք կը գնահատենք այն երկիրներուն վերաբերմունքը, որոնք դատապարտած են ազրպէյճանական յարձակումը, սակայն Հայաստանի գրաւուոած ըլլալը կը շարունակուի։

Կը կարծեմ, եթէ Եւրոպական ընտանիքը, միջազգային հանրութիւնը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ը՝ իրապէս շահագրգռուած է մեր տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ, ուստի, իբրեւ պատերազմական յանցագործի, Ազրպէյճանը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի յարձակման, քիմիական զէնքի գործածութեան եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ներգրաւուած ահաբեկիչներու համար։

Դժբախտաբար, չեմ ուզեր հաւատալ, որ յարձակող Ազրպէյճանի հետ ԵՄ կազային գործարքը, որ ըստ շարք մը աղբիւրներու կը բաւարարէ եւրոպական ուժանիւթի կարիքներուն երեք տոկոսը միայն, աւելի արժէքաւոր է, քան իրական ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ իրական եւրոպական այն արժէքները, որոնց հաւատալով շատերս անդամակցած ենք այս կառոյցին։ Յստակ է, որ տարաշրջանին մէջ փոխուած է ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը։ Այս ծիրէն ներս՝ ԵՄ-Ազրպէյճան կազային համաձայնագիրը միայն կը զօրացնէ յարձակող Ազրպէյճանը։

Եթէ միջազգային հանրութիւնը իրապէս շահագրգիռ է մեր տարաշաշրջանին մէջ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեամբ, ուրեմն Ազրպէյճանը պատասխանատւութեան պէտք է ենթարկել իբրեւ պատերազմական յանցագործ՝ միջազգային օրէնքներու, ռազմական յանցագործութիւններու, նաեւ՝ քիմիական զէնքի գործածութեան, մշակութային վանտալութեան համար։

Սիրելի գործընկերներ,

Հակառակ Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հանգուցալուծուած չէ։ Ազրպէյճանի հակահայ` արմենոֆոպիք պահուածքն ու ցեղասպանական նկրտումները աւելի կը հիմնաւորուին, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի եւ հակամարտութիւնը յարձակումով եւ պատերազմով լուծելի չէ»։