2022-ի 10 Ամիսներուն Ընթացքում ՀՀ-ի Մէջ Սպառողական Գիներուն Ցուցանիշը 2021-ի Նոյն Ժամանակահատուածին Համեմատ Աճած է 8.7 Տոկոսով

Հայաստան

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2022 թուականի Յունուար-Հոկտեմբերին 14.5 տոկոսով աւելացած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Հոկտեմբերին նախորդ տարուան Յունուար-Հոկտեմբերի համեմատ աւելցած է 9.9 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը այս տարի 10 ամիսներուն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ՝ աւելցած է 14.4 տոկոսով

Առեւտուրի շրջանառութիւնը Յունուար-Հոկտեմբերին 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելացումը կազմած է 15.5 տոկոս:

Նոյն ժամանակահատուածին՝ մատուցուած ծառայութիւններու ծաւալը նախորդ տարուան համեմատ աւելցած է 27.9 տոկոսով:

Իսկ այս տարուան 10 ամիսներուն ընթացքին՝ սպառողական գիներու ցուցանիշը 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 8.7 տոկոսով: