Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Եւ Իր «Դրախտի Դարպասը» Լիբանանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին հրաւէրով Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022-ին Լիբանան հասաւ հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԶԴԱԿ»-էն։

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ «Մուսա լեռ» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը. ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Այնճարի արուեստասէր հանրութիւնն ու դպրոցական աշակերտները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ Զաքար Քէշիշեան: Ան ներկայացուց Ջիւան Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն յիշողութիւնը թարմացուց` անդրադառնալով Աւետիսեանի բեմադրած անցեալի յայտնի ժապաւէններուն:

Աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անունով խօսք արտասանեց Եսայի Հաւաթեան: Ան շնորհաւորեց Ջիւան Աւետիսեանը իր յաղթարշաւին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեան Այնճարը խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեց Ջ. Աւետիսեանի, այնուհետեւ բեմադրիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ՋԱՀ յանձնախումբին` «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին ցուցադրութեան կազմակերպումին համար, հուսկ` պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժապաւէնին աշակերտական ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլէճի եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի` 450 աշակերտ-աշակերտուհիներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՋԱՀ յանձնախումբի ատենապետ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան աշակերտութեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ ժապաւէնը կը ներկայացնէ մարդկային պատմութիւն մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմը: Ապա Գալեմքէրեան ներկայացուց արցախցի անուանի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ժապաւէնին ստացած մրցանակներուն եւ նուաճած յաջողութիւններուն:

Աշակերտները հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ժապաւէնը, որմէ ետք Աւետիսեանի խօսքով եզրափակուեցաւ ձեռնարկը:

Նոյն օրը յետմիջօրէին Ջիւան Աւետիսեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան ժապաւէնին եւ անոր արծարծած նիւթերուն վերաբերող հարցեր: