Սթրազպուրկը Իր Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

24 Նոյեմբերէն սկսեալ, Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ պիտի ծածանի Հայաստանի դրօշակը՝ ի նշան  համերաշխութեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ։ Այս մասին կը յայտնէ «Հայաստանը Եւրոպայի խորհուրդէն ներս» Facebook-ի էջը։

Դրօշակի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութեան, այսօր, մասնակցած են Եւրոպայի խորհուրդէն ներս Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեանը, Սթրազպուրկի քաղաքապետ Ժան Բարսեղեանը, քաղաքային խորհուրդի անդամ, Հայաստանին աջակցելու վերաբերեալ բանաձեւի հեղինակ Փիեռ Եագուպովիչը եւ հրաւիրեալներ։

Խորհրդանշական այս քայլը նախատեսուած էր Սթրազպուրկի քաղաքային խորհուրդին կողմէ՝ Նոյեմբեր 7-ին միաձայն ընդունուած բանաձեւով, որ յստակ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը Հայաստանի վրայ, կոչ կ՝ընէ խաղաղութեան հաստատման եւ կը նախատեսէ աջակցութիւն բարեկամ Հայաստանին։