Ինչպիսի՞ Գաղտնիքներ Կը Պահէ Աչքերուն Գոյնը

Այլեւայլ

1.Մոխրագոյն աչքեր։ Այս աչքերու գոյն ունեցողներուն համար բնորոշ են վճռականութիւնը եւ անսովոր միտքը: Անոնք երբեք չեն թաքնուիր եւ չեն խուսափիր խնդիրներէն, այլ պատրաստ են առերեսուելու անոնց: Սակայն այն իրավիճակներուն, երբ խնդիրը չի լուծուիր ուղեղով, անոնք զայն կը փոխանցեն եւ կը հեռանան:

2.Սեւ աչքեր։ Սեւ աչքերը կը նշանակեն, որ մարդը ունի հզօր ուժ: Այսպիսի անձնաւորութիւնը բաւական նախաձեռնող է, երբեք տեղը չի նստիր, կը տարբերուի բարձր կենսունակ դիմացկունութեամբ: Սեւ աչքեր ունեցողները քիչ մը տարօրինակ են եւ սիրառատ ու ատոր մէջ ո՛չ մէկ զարմանալի բան կայ:

3.Շագանակագոյն աչքեր։ Եթէ մարդը կը ծնի շագանակագոյն աչքերով, ուստի բնութիւնը անոր արդէն պարգեւած է սրամտութիւն, գրաւչութիւն եւ զգայունութիւն: Այսպիսի մարդիկ շատ դիւրազգաց են, բուռն եւ կրնան բռնկիլ որեւէ պահու: Սակայն, անոնք երբեք երկար ժամանակ նեղացած չեն մնար: Միակ բանը, որ կարելի է համարել անոնց թերութիւնըկամակորութիւնն է:

4.Կանաչ աչքեր։ Կանաչ աչքերը սուտ կը պահեն: Այսպիսի մարդիկ չեն առանձնանար իրենց զգացմունքայնութեամբ, անոնք նպատակասլաց են եւ չեն կանգնիր նոյնիսկ սիրելիի արցունքներուն պարագային: Կանաչ աչքեր ունեցողները յաճախ զայրոյթի բռնկումներ կ՝ունենան եւ կ՝ընկճուին առանց հիմնաւոր պատճառի, սակայն ատիկա այդքան ալ յաճախ չ՝ըլլար:

5.Կապոյտ աչքեր։ Երկնագոյն աչքեր ունեցողները կ՝առանձնանան նրբութեամբ,
անկեղծութեամբ, հաւատարմութեամբ: Ընկերներու հետ յարաբերութիւններու մէջ անոնք շատ բարի են եւ յուսալի, իսկ թշնամիներու համար մի՛շտ կանգուն եւ սկզբունքային: Այսպիսի մարդիկ կրնան լսել եւ միշտ գիտեն ինչպէս պահել զրոյցը: