Օֆելիա Յարութիւնեանի «Գիւղը Որ Կանգնի» Ֆիլմը Ընդգրկուած է Պրեսթի Կարճատեւ Ֆիլմերու Փառատօնին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Բեմադրիչ Օֆելիա Յարութիւնեանի «Գիւղը որ կանգնի» կարճատեւ ֆիլմը ընդգրկուած է Պրեսթի կարճատեւ ֆիլմերու փառատօնին՝ «Աշխարհի կանայք» ծրագիրին ծիրէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնը։

Փառատօնը կը համարուի կարճատեւ ֆիլմերու ֆրանսական եւ եւրոպական երկրորդ ամենամեծ փառատօնը, որ կը կայանայ ամէն տարուայ Նոյեմբերին։

Ֆիլմի սենարիստ եւ բեմադրիչ՝ Օֆելիա Յարութիւնեան, producer՝ Նարէ Լէոնէ Տէր-Գաբրիէլեան, համաproducer՝ Լիտիա Ինտժովա (Պելճիքա), դերասաններ՝ Նանոր Պետրոսեան, Լիանա Վարդանեան, Անի Խաչիկեան, Աստղիկ Աբաջեան, Սիրանուշ Բարսեղեան: Արտադրող ընկերութիւն՝ «Ֆերմատա ֆիլմ», համաարտադրող երկիրներ՝ Պելճիքա, ԱՄՆ, Ֆրանսա: