Լոյս Տեսած է Սամուէլ Կարապետեանի «Արցախի Մանրատեղանունները» Վերնագրով Գիրքը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Բեկոր եւ Մարիլու Փափազեաններու հովանաւորութեամբ իրականացաւ եւ լոյս տեսաւ Սամուէլ Կարապետեանի վաղեմի երազանքներէն մէկը՝ «Արցախի մանրատեղանունները» գիրքը։ Ասիկա իր տեսակին մէջ եզակի աշխատութիւն է, ուր Սամուէլ Կարապետեանը ներկայացուցած է վիմագիր արձանագրութիւններու, միջնադարեան գրաւոր աղբիւրներու, գրականութեան մէջ ներառուած մանրատեղանունները։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, ըսած է
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար Էմմա Աբրահամեան՝ գիրքի շնորհանդէսին ժամանակ:

«Երբ Սամուէլը կ՝աշխատէր Քոլատակ գիւղին մօտ գտնուող «Կօշիկ» անապատին մէջ, այնտեղ եկեղեցւոյ նուիրատուական արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ կ՝ընթերցէ ձկնաւազ բառը, որմէ ետք կը հարցնէ գիւղացիներուն, որոնք անմիջապէս կ՝արձագանգեն` ըսելով, որ «ասիկա մեր ծկնաւազն է», եւ կը պարզուի, որ այդ անունը կրող տեղամասը կը գտնուի շուրջ 5 ու կէս քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք՝ Թբլղուր գիւղին մերձակայքը, եւ այդ ժամանակէն սկսեալ՝ Սամուէլը կը նպատակադրէ հաւաքագրել մանրատեղանունները, ճշգրիտ տեղորոշել եւ մոռացութենէ փրկել։ Ան միշտ օրինակ կը բերէր Արեւմտեան Հայաստանի մեր կորսնցուցած տեղանունները, եւ կ՝ըսէր, որ պէտք է մենք կարենանք փրկել մեր մանրատեղանունները՝ զանոնք ճշգրիտ տեղորոշելով»,- ըսած է Աբրահամեան։

Հիմնադրամին ղեկավարը նշած է, որ շատ կ՝ուզէր, որ մեր ազգագրագէտներն ու բանասէրները լծուէին մանրատեղանուններու հաւաքագրման եւ քարտէսագրման գործին, իրենք ուղղակի ֆիզիքապէս չեն հասցներ։

«Սամուէլ Կարապետեան աշխատանքները կ՝ամբողջացնէ 2002-ին ԱՄՆ-ի Հայ օգնութեան ֆոնտի «Գիտութիւն եւ կրթութիւն» ազգային հիմնադրամին յատկացուցած դրամաշնորհին շնորհիւ եւ կ՝որոշէ, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ գիրքը։ Այսօր գիրքը հրապարակուած է այնպէս, ինչպէս պատկերացուցած է Սամուէլ Կարապետեանը»,- նշած է ան։