ՀԱՊԿ Անդամ Երկիրներու Անվտանգութեան Խորհուրդներու Քարտուղարները Երեւանի Մէջ Համատեղ Յայտարարութիւն Ընդունած են

Աշխարհ, Հայաստան

ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները՝ Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքներով՝ ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն, որուն միջոցով դատապարտած են նացիզմի, նէոնացիզմի եւ ծայրայեղականութեան հերոսացումը։ Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա Նովըստի»-ն՝ վկայակոչելով ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը։

Յայտարարութիւնը ընդունուած է ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու համատեղ նիստին, ուր Ռուսիան ներկայացուցած են ՌԴ ԱԽ քարտուղար Նիքոլայ Բադրուշեւը, արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը, պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն։

«Համատեղ յայտարարութեան մէջ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ԱԽ քարտուղարները մտահոգութիւն յայտնած են նացիզմի, նէոնացիզմի, ծայրայեղականութեան, շովինիզմի, այլատեացութեան բոլոր ձեւերուն, ատելութեան, ռասսայական ու ազգային գերակայութեան դրսեւորումներու աճին վերաբերեալ, որոնք իրական սպառնալիք կը ստեղծեն ժողովրդավարութեան եւ համամարդկային արժէքներու, անվտանգութեան, հասարակական կայունութեան եւ հասարակութեան միասնութեան համար»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ըստ ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութեան՝ ՀԱՊԿ ԱԽ քարտուղարները դատապարտած են նաեւ նացիզմի եւ ազգայնական գաղափարախօսութիւններու տարածման ու արդարացման ուղղուած իւրաքանչիւր գործողութիւն, ինչպէս նաև ողջունած են պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերը՝ ուղղուած նացիզմի, նէոնացիզմի եւ ծայրայեղականութեան հերոսացման դրսեւորումներու հակազդման, այդպիսի դրսեւորումներու դէմ պայքարին։