ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ — Իրազեկել ու դիմադրել՝ համայնքային կարողականութեան ազդու գործօնը․ «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած փոր­ձը՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կորն­թոս քա­ղա­քը ներ­քա­շե­լու իր սադ­րիչ խա­ղե­րուն մէջ, դա­տա­պար­տե­լի է ըստ ա­մե­նայ­նի։

­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը ար­դէն տե­ղեակ դար­ձան, թէ ինչ­պէս ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը գոր­ծակ­ցու­թեան մտադ­րու­թիւն ար­տա­յայ­տող հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագրեց ­Կորն­թոս քա­ղա­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հետ գրա­ւեալ ­Շու­շիի կա­պակ­ցու­թեամբ, ան­գամ մը եւս ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ծա­ւա­լե­լով իր ա­պա­տե­ղա­կա­տո­ւա­կան լա­րե­րը եւ փոր­ձե­լով ա­պա­կողմ­նո­րո­շել յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քը ի վնաս հայ ժո­ղո­վուր­դին։

­Հոս, պէտք է հաս­տա­տել, թէ այս ան­գամ եւս Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­րագ ու կտրուկ մի­ջամ­տու­թեամբ կա­րե­լի ե­ղաւ կան­խել ատր­պէյ­ճա­նա­կան նեն­գա­միտ քայ­լը ու վճռա­կա­նա­պէս ստի­պել քա­ղա­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը չե­ղեալ նկա­տե­լու նոյ­նիսկ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­րե­ւէ մտադ­րու­թիւն ցե­ղաս­պան եր­կի­րին հետ։

Ան­վե­րա­պա­հօ­րէն, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը ու քա­ղա­քա­պե­տին կող­մէ հա­սած պա­տաս­խա­նը միայն գո­հու­նա­կու­թիւն կրնան ստեղ­ծել՝ վեր­ջի­նին կող­մէ նախ կա­տա­րո­ւած քայ­լին դի­մաց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը չթաքց­նե­լու խի­զա­խու­թեան հա­մար, ա­պա չե­ղար­կե­լու գոր­ծակ­ցու­թեան ո­րե­ւէ մի­տում Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։

­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն պի­տի յի­շեց­նենք, թէ ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կը փոր­ձէ սի­րա­շա­հիլ յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Ա­ւե­լի քան տա­սը տա­րիէ ի վեր, երբ քա­ղա­քա­կան եւ գոր­ծառ­նա­կան ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րէ յա­ռաջ մղո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ կա­զի վա­ճառ­քի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ­Յու­նաս­տա­նի կա­զի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան գնման առ­ջեւ հաս­նե­լով, Ատր­պէյ­ճան ա­մէն գնով կը փոր­ձէ թա­փան­ցել ներ­քին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իսկ յատ­կա­պէս 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք, այ­լեւս բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը ծա­ւա­լէ իր հա­կա­հայ ծրա­գիր­նե­րը, զա­նոնք միշտ քօ­ղար­կած պահելով «մշա­կու­թա­յին» եւ «պատ­մա­գի­տա­կան» շղար­շի մը տակ, որ ա­ւե­լի հեշտ կը դարձ­նէ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան տա­րա­ծու­մը։

­Կա­րե­լի է թո­ւել շարք մը օ­րի­նակ­ներ, ինչ­պի­սին են ան­ցեալ տա­րի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­րա­կառ­քե­րուն վրայ գրա­ւեալ ­Շու­շին գո­վազ­դե­լու փոր­ձը, կամ՝ այս­պէս կո­չո­ւած «­Յոյն-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թեան» միա­ցեալ ե­լոյ­թի մը կազ­մա­կեր­պու­մը պոն­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հետ։ ­Բո­լորն ալ ի­րենց հա­կա­հայ­կա­կան պա­րու­նա­կու­թեամբ նպա­տակ ու­նէին ներ­կա­յաց­նել հայ ժող­վուր­դը որ­պէս յար­ձա­կող ու ռազ­մա­տենչ կողմ, միա­ժա­մա­նակ նպա­տակ ու­նէին յա­ռաջ քշել Ատր­պէյ­ճա­նի «խա­ղա­ղասէր» ու «մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը պահ­պա­նող» պե­տու­թեան մը դի­մա­գի­ծը։

Որ­քան ալ այս տե­սա­կի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ե­րե­ւու­թա­պէս հե­ռու են ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի նկատ­մամբ մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րուն կող­մէ սե­ղան­նե­րուն վրայ դրո­ւած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գե­րէն, ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն ազ­դել հան­րա­յին կար­ծի­քին վրայ, ոչ միայն ­Յու­նաս­տա­նի, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս եւ­րո­պա­կան ու ա­րեւմ­տեան ցա­մա­քա­մա­սե­րուն վրայ։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան ու ա­մե­րի­կեան մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րէն ներս, ու­ժա­նիւ­թի ճամ­բով ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, նոյ­նիսկ Ուք­րա­նիոյ պա­տե­րազ­մի ի­րա­կա­նու­թեան տակ Ատր­պէյ­ճա­նի ու Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ հաս­տա­տո­ւած գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կա­նա­չափ լոյս չեն սփռեր Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեան ու ա­նոր բռնա­տէր Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քին կող­մէ կա­տա­րո­ւած կա­շա­ռա­կե­րու­թեան գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ։
­Միա­ժա­մա­նակ, Ատր­պէյ­ճան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ու­ժա­նիւ­թի լծակ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով, շի­րա­շա­հիլ Ա­րեւ­մուտ­քը ու հա­յու­թեան դէմ ստեղ­ծել մի­ջազ­գա­յին պա­տեան­ներ։

­Վե­րա­դառ­նա­լով տե­ղա­կան ի­րա­կա­նու­թեան, յայտ­նի կը դառ­նայ, թէ մեր հա­մայն­քա­յին մի­ջոց­նե­րը յա­ճախ սահ­մա­նա­փակ կը թո­ւին ըլ­լալ եւ ոչ բա­ւա­րար՝ դի­մա­կա­յե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի «քա­ղա­քակր­թա­կան մա­տու­ցում­նե­րը» յու­նա­կան կող­մին։ Ե­թէ մեր ու­ժե­րը բա­ւա­կա­նա­չափ տա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նին ազ­դե­լու միջ­պե­տա­կան ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րուն վրայ, մեզ կը մնայ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ճամ­բով՝ ա­նընդ­հատ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րով, յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քը ի­րա­զեկ պա­հել ատր­պէյ­ճա­նա­կան վտան­գին առն­չու­թեամբ։ Վ­տանգ մը, որ իր կարծր դի­մա­գի­ծը ցոյց տո­ւաւ երբ Ատր­պէյ­ճան բա­ցա­յայ­տօ­րէն դա­սո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ կող­քին՝ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ վեր­ջի­նի պա­տե­րազ­մա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու գրգռու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ։

­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ ան­տե­ղեակ յոյն հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօ­սի ան­խո­հե­մու­թիւ­նը մտա­ծել կու տայ, թէ տա­կա­ւին շատ աշ­խա­տանք պէտք է տա­րո­ւի ա­կա­դե­մա­կան լայն շրջա­նակ­նե­րու մօտ, մաս­նա­ւո­րա­պէս պատ­մա­կան ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց ո­լոր­տին հետ զբա­ղող գիտ­նա­կան­նե­րուն հետ, բա­ցա­յայ­տե­լու թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան ու ա­նոնց նո­րօս­մա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վտան­գա­ւոր նկրտում­նե­րը։

Այ­լեւս, նո­րօս­մա­նա­կա­նու­թեան ա­ռա­ւե­լա­պաշ­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը թի­րախ չէ դար­ձու­ցած միայն Ա­րե­ւել­քի մէջ ապ­րող թրքա­ցեղ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, այ­լեւ գործ­նա­կան լծակ­ներ կը հաս­տա­տէ Ա­րեւ­մուտ­քի քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կա­ռոյց­նե­րուն մէջ։

­Մեր պա­տաս­խա­նը այս բո­լո­րին դի­մաց, նոյ­նիսկ իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան հա­մայն­քի սահ­մա­նա­փակ ու­ժե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով, պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ հան­րա­յին կար­ծի­քի ի­րա­զե­կու­մը եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­մէն տե­սա­կի սադ­րիչ, մեծ ու փոքր փոր­ձի դի­մա­կա­յու­մը։

Եր­բեմն որ­պէս փոքր ու անն­շան նո­ւա­ճում­ներ ե­րեւ­ցող ի­րա­գոր­ծում­նե­րը ու­ժը ու­նին քան­դե­լու հա­յու­թեան առ­ջեւ ցցուած թրքա­կան ցե­ղաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հսկայ պա­տե­րը։