ՀՕՄ-ի Միջոցով Արցախ Հասցուած Նուիրատւութիւնը Յատկացուած է Տեղահանուած ու Նահատակ Հերոսներու Ընտանիքներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ հասարակական ծանր վիճակի մէջ գտնուող արցախցիներու կողքին կանգնած են շարք մը բարերարներ, որոնց ճիշդ ժամանակին ըրած օժանդակութիւնը զգալիօրէն թեթեւցուցած է անոնց կենցաղային հոգերը։ Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ «Ալիւմթեք» ընկերութիւնը Արցախին նուիրած է 100 հատ մահճակալ՝ իրենց ներքնակներով եւ 50 հատ պահարաններով։ «Ալիւմթեք» ընկերութեան գլխաւոր բաժնետէրը իրանահայ բարերար Վահէ Ահարոնեանն է:

ՀՕՄ-ի միջոցով Արցախ հասցուած նուիրատւութիւնը յատկացուած է տեղահանուած բազմազաւակ, նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն, որոնք պետական ծրագիրով ստացած են նոր տուն։ Նոր տուներուն մէջ գոյքը լրացնելու կարիք կար, եւ Արցախի Հանրապետութեան բնակարանային հարցերու կոմիտէին ու ՀՕՄ-ին ուղղուած դիմումներուն հիման վրայ՝ բազմաթիւ տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներու եւ նահատակ հերոսներու երեխաներ կը քնանան յարմարաւէտ մահճակալներու մէջ։

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին ու ծրագիրէն օգտուած ընտանիքներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բարերարներուն ու բոլոր աջակիցներուն, որոնք այս դժուար ժամանակներուն կը կանգնին տուժած ընտանիքներու կողքին։

Արցախի Հայ Օգնութեան Միութիւն