Իւրաքանչիւր Մարդ Ուժեղ է Իւրովի․ Հոգեպէս Զօրաւոր Կիներու Վեց Գաղտնիք

Այլեւայլ

1.Քանի դեռ ողջ ենք, անհնար ոչինչ կայ։ Կեանքը մեզի կու տայ լիարժէք ազատութիւն գործողութիւններու եւ հնարաւորութիւններու, որոնք մենք պարտաւոր ենք օգտագործել յաջողութեան հասնելու համար: Հնարաւորութիւն չ՝ըլլար միայն այն ժամանակ, երբ մենք չենք ըլլար:

2.Սորվինք տեսնել մեր քիթէն այն կողմ։ Եթէ որեւէ բան առաջին անգամէն չ՝ըլլար, ատիկա թեւաթափ ըլլալու առիթ չէ: Բաներ կան, որոնք կու գան ժամանակի հետ, կարգ մը բաներ փորձ կը պահանջեն, այդ պատճառով՝ որոշ բաներու հասնելու համար հարկաւոր է շատ աշխատիլ:

3.Ուժը իւրաքանչիւրի բնաւորութեան գիծն է։ Իւրաքանչիւր մարդ իւրովի ուժեղ է: Ոմանց համար մէկ անյաջողութիւնն ալ բաւարար է իրենց թոյլ զգալու համար, իսկ ուրիշներու համար 1000 անյաջողութիւնն ալ խոչընդոտ չէ՝ նպատակին հասնելու ճանապարհին: Եւ ան, որ շատ կ՝ուզէ, կը հասնի ամէն ինչի:

4.Դուն քեզ ցոյց տալ, կը նշանակէ` անհատականութիւն ըլլալ։ Եթէ չէք ուզեր դուրս գալ տունէն, կը վախնաք հանդիպիլ մարդոց, կը թաքնուիք շրջապատէն, ատիկա տկարութիւն է, որ կը ցուցադրէ, որ դուք կը յանձնուիք: Պէտք չէ նման բան ընել: Հակառակը, դուք պէտք է այս աշխարհի մէջ ոեւէ մէկը ըլլաք, ձեր կարծիքն ու բնաւորութիւնը ունենաք, այս կամ այն բարձունքին հասնիք:

5.Այն ամենը, ինչ կրցած է մէկը ընել, կրնաք նաեւ դուք։ Կարիք չկայ ըսելու, որ չէք կրնար ընել: Բոլորն ալ որեւէ բան առաջին անգամ ըլլլաով կ՝ընեն: Պէտք չէ յանձնուիլ առաջին իսկ անյաջողութեան պարագային, փորձեցէք մէկ անգամ եւս, եւ ամէն ինչ նոյնիսկ ձեր նախորդներէն աւելի լաւ պիտի ընէք։

6.Երազելը վնասակար չէ, վնասակար է չերազելը։ Միշտ, ամբողջ կեանքի ընթացքին երազանք ունեցէք: Թէկուզ վստահ էք, որ անիկա երբեք պիտի չիրականանայ, խնդիր չէ, անպայման երազեցէք: Ատիկա իմաստ կու տայ կեանքին: