Իրանահայ Գործարար Բարերար Էդիկ Մեջլումեանի Հիմնադրած՝ «Ուրմիա Շենռիզ» Գործարանը Մասնակցած է Թեհրանի Մէջ Կայացած Միջազգային Ցուցահանդէսին

Աշխարհ, Սփիւռք

Նոյեմբեր 20-ին, Թեհրանի միջազգային ցուցահանդէսներու մնայուն վայրին մէջ իր աշխատանքը սկսած է կուպրի, մեկուսիչներու, ասֆալտի եւ յարակից սարքաւորումներու 13-րդ միջազգային ցուցահանդէսը, որ կը շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 23: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։

Յիշեալ ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած է Իրանի կուպրի եւ շինարարական աշխատանքներուն իր անժխտելի ներդրումը դրսեւորած Ատրպատականի հայոց թեմէն իրանահայ գործարար, բարերար Էդիկ Մեջլումեանի հիմնադրած «Ուրմիա Շենռիզ» ընկերութիւնը: Ցուցահանդէսի 8-րդ եւ 9-րդ սրահի 36-րդ հսկայ տաղաւարը իրեն յատկացուցած էր յիշեալ ընկերութիւնը, որուն աշխատանքներուն մասին բացատրութիւններ փոխանցեց Սաքօ Մեջլումեանը, որ կ՝ընթանայ իր հօր՝ Էդիկ Մեջլումեանի ճանապարհով։

Իրանահայ գործարար բարերաները քաջալերելու նպատակով՝ երէկ ցուցահանդէս այցելած էր Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, ինչու չէ նաեւ ներկայ էին խորհրդարանին մէջ ասորիներու պատգամաւոր Էնւիէ Թեքիէ Շառլին եւ պետական պաշտօնատարներ, քանզի գործարանը իր ուրոյն խօսքը ունի ըսելու երկրի կուպրի հարցով: