2 Տարուան Ընթացքին Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Անցած Տարածքներէն Յայտնաբերուած ու Տարհանուած է 1786 Աճիւն

Աշխարհ, Հայաստան

2020 թուականի Նոյեմբեր 13-ին, Արցախի փրկարար ծառայողներու գործուն մասնակցութեամբ սկսան զոհուած զինծառայողներու աճիւններուն որոնողական աշխատանքները։

Թէ ինչերու մէջէ անցան այս տղաքը եւ թէ ինչպէս յաղթահարեցին այս փորձութիւնը չըսել՝ կը նշանակէ ոչինչ ըսել։

Սեպտեմբեր 27-Նոյեմբեր 9 ինկած ժամանակահատուածին ռազմադաշտէն ու հրթիռակոծուող բնակավայրերէն տարհանուած է 1415 մարմին։

Նոյեմբեր 13-էն ետք՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն յայտնաբերուած ու տարհանուած է 1786 աճիւն։

Յունան Թադեւոսեան

Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան ծառայութեան պետ