Հայկական Սփիւռքը Թուրքիոյ Պետական Այրերու Մղձաւա՞նջը… «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ, աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն անցնող օրերուն «CNN Turk» պատկերասփիւռի կայանէն խօսած է հայ-թրքական, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն մասին:

Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, Քալըն մէկ կողմէ այդ յարաբերութիւններու տնտեսական առաւելութիւնները յիշելով յայտնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը լաւ կ’ըլլայ թէ Հայաստանի ժողովուրդին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի հայերուն եւ թէ հայկական Սփիւռքին համար: Միւս կողմէն իր խօսքին մէջ կրկին քննադատած է հայկական Սփիւռքը, դիտել տալով որ այս յարաբերութեան օգուտը հաւանաբար ամենաուշը Ամերիկայի ու Ֆրանսայի հայկական համայնքները հասկնան, եւ զիրենք համարելով աշխարհի մէջ 2 ամենամեծ հայկական Սփիւռքի համայնքները, յոյս յայտնած որ անոնք ալ կը հասկնան, որ կարգաւորումը շահեկան կ’ըլլայ նաեւ առեւտուրի տեսանկիւնէն:

Ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Ատրպէյճանի պետական այրերու ելոյթներուն մէջ վերջին շրջանին մէկէ աւելի անգամներ կը հնչեն հայկական Սփիւռքը Հայաստանի շահերուն հակառակ ուղղութեան վրայ տեղադրելու փորձեր:

Թուրքիան որքան ալ իր յարաբերութիւններու կարգաւորման թէզին մէջ բառացիօրէն չյիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իր քաղաքականութեամբ կը ջանայ վերացնել անոր արծարծման կարելիութիւնները՝ Հայաստանի շահերը հակադրել փորձելով Սփիւռքի կազմակերպ համայնքներուն ու Սփիւռք – Հայաստան յարաբերութեան մէջ ճեղքերու յառաջացման ծառայող ամէն լծակ օգտագործելով:

Կազմակերպուած Սփիւռքը թիրախն է թուրք-ատրպէյճանական պետական այրերուն, որովհետեւ անոնք քաջ գիտեն որ.-Կազմակերպուած Սփիւռքը թուրքատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դէմ ձայն բարձրացնողն է:-Կազմակերպուած Սփիւռքը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն կրողն ու վկան է:

-Կազմակերպուած Սփիւռքը իր տնտեսական եւ քաղաքական կարելիութիւններով Հայաստանին նեցուկ կանգնողն է:

Ուստի ամէն առիթ պիտի օգտագործեն քննադատելու Սփիւռքը, Հայաստանի հետ անոր կապերը թուլցնելու համար ընծայուած ամէն առիթ օգտագործելու:

Մեր կարգին, Սփիւռք-հայրենիք միասնութիւնը քաղաքական ամէն տարակարծութենէ վեր պահելու համար ի՞նչ կ’ընենք:

Համաշխարհային գագաթնաժողո՞վ կը կազմակերպենք առանց Սփիւռքը կազմակերպած ու անոր հարիւրամեայ գոյութիւնը երաշխաւորած կառոյցներու մասնակցութեան… Համահայկական օրակարգը երկրորդակա՞ն  թէ անիրատեսական կը համարենք…

Կարգ մը սփիւռքահայերու մո՞ւտքը կ’արգիլենք Հայաստան…

Ի՞նչ կ’ընենք, որո՞ւ ջաղացքին ջուր լեցնելու համար: