Կրակոցներով եւ Նման Գործելակերպով Ազրպէյճանը Կը Փորձէ Անտանելի Դարձնել Կեանքը Արցախի Մէջ. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Խրամորթի մէջ երեկուան դէպքէն ետք՝ կրակոցներ չեն հնչած, իրավիճակը հանգիստ է: Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, ըսած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ նշելով, որ մէկ շաբթուան մէջ ասիկա արդէն երկրորդ դէպքն է, որ ազրպէյճանցիները կը կրակեն գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող գիւղացիներու ուղղութեւամբ եւ կը ստիպեն, որ դադրեցնեն աշխատանքները:

«Կրակոցներով եւ նման գործելակերպով Ազրպէյճանը կը փորձէ հնարաւորինս անտանելի դարձնել կեանքը Արցախի մէջ եւ բնականոն կեանքը խաթարել: Պարզ է, եթէ գիւղատնտեսական աշխատանքներ տեղի չեն ունենար, մարդիկ եկամուտի աղբիւրէ կը զրկուին եւ կը սկսին մտածել արդէն իրենց բնակավայրերը լքելու մասին: Ընդհանրապէս, ազրպէյճանցիներուն գործողութիւնները ցեղական զտման եւ ցեղասպանական տարրեր ունին եւ այդ քաղաքականութեան շարունակութիւնն է»,- ըսած է ան:

Արցախի ՄԻՊ կարծիքով՝ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը չէ փոխուած եւ պիտի չի փոխուի. «Եթէ ոեւէ մէկը կը մտածէ կամ կը հաւատայ Ազրպէյճանի կողմէ տրուող խոստումներուն, որ Ազրպէյանի կազմին մէջ կրնայ ապահովուիլ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը՝ ուղղակի անտրամաբանական է եւ անհեթեթութիւն է ատիկա»:

«Կը կարծեմ, իշխանութիւնները կը փորձէին խաղաղութեան ճանապարհով երթալ, բայց փաստերն ու գործընթացները ցոյց տուին ե՛ւ Հայաստանի իշխանութիւններուն ե՛ւ միջազգային հանրութեան, որ Ազրպէյճանը կեղծ խաղաղասիրութեան քողին տակ ուղղակի իր ցեղաասպանական նկրտումները առաջ կը մղէ, եւ այդ է պատճառը, որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը արդէն յստակ եւ աներկբայ կը խօսի այդ մասին»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 12-ին, ժամը 18:00-ի սահմաներուն, ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժինը հաղորդում ստացած էր, որ Խրամորթ գիւղի վարչական տարածքին վրայ ազրպէյճանական մարտական դիրքէն հրաձգային զինատեսակներէ կրակոցներ արձակուած են դաշտին մէջ աշխատող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ եւ մէկ քաղաքացի վնասուաքծ ստացած էր։